Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կառավարութեան Կազմութեան Մինչեւ 1 Սեպտեմբեր Պիտի Սպասեմ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

August 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Ատհայի տօնին ընթացքին յայտնեց, որ ինք մինչեւ 1 սեպտեմբեր 2018 պիտի սպասէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան ժամկէտը «բաց» չէ: «Մինչեւ 1 սեպտեմբեր կը սպասեմ, որմէ ետք կը խօսինք», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին մեծագոյն հարցը արտաքին միջամտութիւնները լսել եւ անոնց անսալն է, եւ կոչ ուղղեց բոլորին մտածելու միայն Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն մասին:

Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հետ եւ քննարկած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու անոնց տունդարձը ապահովելու մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական, դատական եւ դիւանագիտական իրադարձութիւնները:

Ռիաշի նախագահ Աունին յանձնեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ յղուած հրաւէրը` 9 սեպտեմբերին մասնակցելու «Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներուն» նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է հանրապետութեան նախագահութեան ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները եւ ընդգծած զանոնք բոլոր նեղլիկ հաշիւներէն բարձր պահելու կարեւորութիւնը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Հանրի Խուրի: Քննարկուեցան շուրային յատուկ հարցեր:

Նշենք, որ երէկ Պաապտայի պալատ այցելեց նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ բնակութիւն հաստատած արտերկրի լիբանանցիներու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան նախագահ Աուն կատարեց կարգ մը ընդգծումներ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւն որդեգրած Լիբանան չի կրնար այս կամ այն երկրին օգտին կողմնորոշուիլ, «սակայն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւն որդեգրել չի նշանակեր, որ Լիբանան պէտք է ինքզինք զանց կացուցէ նաեւ իր հողերէն եւ շահերէն, որոնք արաբական ոչ մէկ երկրի վնաս կը հասցնեն: Ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը պէտք է պատերազմին վերաբերի եւ ոչ թէ լիբանանեան շահերուն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հարց տուաւ, թէ արդեօք կա՞յ արաբական երկիր մը, որ կը վնասէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու տունդարձէն, կամ արդեօք կա՞յ մէկը, որ կը վնասէ, եթէ լիբանանեան արտադրութիւնները Նսայպի անցքին ճամբով արտահանուին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու իր շահերը` առանց ոեւէ մէկուն վնաս պատճառելու:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան համաշխարհային, շրջանային եւ արաբական բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւած է եւ անոնց ժխտական ազդեցութիւնը կրած, «բայց եւ այնպէս ան այս փուլին կը վայելէ ապահովական կայունութիւն եւ զբօսաշրջական աշխուժութիւն, ինչպէս նաեւ սնանկացած պետութիւն չէ», աւելցուց ան:

Նախորդը

Ատհայի Տօնին Առիթով Պըրրի Շնորհաւորական Հաղորդակցութիւններ Ստացաւ

Յաջորդը

Նախարար Արծուիկ Մինասեան Ընդունած Է Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.