Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Շեշտեց Արդիական Ապահովական Կառոյց Ունենալու Կարեւորութիւնը

Օգոստոս 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան նպատակն է յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին թուղթ-մատիտէն հրաժարիլ:

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով, Ապպաս շեշտեց արդիական ապահովական կառոյց ունենալու կարեւորութիւնը:

Ան հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ լիբանանցի քաղաքացին կարողութիւն ունենայ իր գործառնութիւնները ելեկտրոնային ծառայութեան ընդմէջէն կատարելու` առանց ստիպուելու Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոնը այցելել:

Ան նշեց, որ ելեկտրոնային ծառայութիւնը առաջքը կ՛առնէ քաղաքացիներուն նկատմամբ կատարուած խտրութեան հարցին` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան հիմնական նպատակը կը մնայ վարչական արդիական տնօրինումները գործադրել:

Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց նաեւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը ջանայ ներքին եւ արտաքին գործակցութիւնը ամրապնդել` աւելցնելով, որ տնօրէնութիւնը կը պատրաստուի կազմել 175 զինուոր եւ սպայ հաշուող յատուկ խմբակ մը, որուն անդամները ամէնէն արդիական սարքերով օժտուած են եւ յատուկ մարզումներու կ՛ենթարկուին` պահելու համար իրենց արհեստավարժութիւնը:

«Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը բարելաւած է նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց եւ գաղտնի լսումներու համակարգը` ապահովել կարենալու համար պէտք եղած բոլոր տեղեկութիւնները», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով սուրիական իշխանութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ գտնուող միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութեան` Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Դամասկոսի հետ հաղորդակցութիւնը կարեւոր է` Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու տունդարձը ապահովելու համար:

Աւելի՛ն. Իպրահիմ ընդգծեց, որ առանց սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցելու կարելի չէ գաղթականներու տունդարձը ապահովել:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց նաեւ, որ սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձը երաշխաւորող ռուսական նախաձեռնութիւնը գործադրելու բոլոր քայլերը արդէն իսկ առնուած են` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ստիպողական անցքն է իւրաքանչիւր սուրիացի գաղթականի տունդարձին:

Ապպաս Իպրահիմ աւելցուց նաեւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը շարունակէ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ եւ լրտեսներն ու գործակալները բացայայտելու պայքարը, ո՛չ միայն Լիբանանի մակարդակով, այլեւ` շրջանին եւ ամբողջ աշխարհի մակարդակով:

 

Նախորդը

Զասիփքին. «Լիբանանեան Եւ Սուրիական Իշխանութիւններուն Միջեւ Պէտք Է Գործակցութիւն Արձանագրուի` Սուրիացի Գաղթականներու Տունդարձին Հարցով»

Յաջորդը

Էլիաս Ապու Սաապ. «Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Պէտք Է Յստակ Չափանիշի Վրայ Հիմնուի»

RelatedPosts

«Պէյրութ 1» Խորհրդաժողովի Ընթացքին.  Աուն. «Մշտատեւ Ապահովութիւն Մը Կ՛ուզենք,  Եւ Լիբանան Կարեկցանք Չ՛ուզեր, Այլ Վստահութիւն»
Գլխաւոր լուրեր

«Պէյրութ 1» Խորհրդաժողովի Ընթացքին. Աուն. «Մշտատեւ Ապահովութիւն Մը Կ՛ուզենք, Եւ Լիբանան Կարեկցանք Չ՛ուզեր, Այլ Վստահութիւն»

Նոյեմբեր 19, 2025
Պըրրի Ընդունեց Եազիտ Պըն Ֆարհան  Իշխանն Ու Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Դեսպանը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Ընդունեց Եազիտ Պըն Ֆարհան Իշխանն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանը

Նոյեմբեր 19, 2025
Սալամ Ընդունեց Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Պետական Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պետական Նախարարը

Նոյեմբեր 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?