Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Խորհրդարանի Նախագահը Կը Հաստատէ Լիբանանի Եւ Քանատայի Միջեւ Ամուր Յարաբերութիւններու Գոյութիւնը

Հոկտեմբեր 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Քանատայի խորհրդարանի նախագահ Ճեֆ Ռիկընը, որուն կ՛ընկերակցէր պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին լիբանանեան ծագում ունեցող երկու քանատացի երեսփոխաններ` Զիատ Ապու Լթայֆ եւ Ֆայսալ Խուրի, երեսփոխան Տէյվիտ Քրիսթոֆըրսըն եւ պատասխանատու պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրօ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի եւ Քանատայի միջեւ գոյութիւն ունեցող ամրապնդուած յարաբերութիւնները, որոնք օրըստօրէ աւելի կը սերտանան` շնորհիւ փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Քանատայի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին, որ Քանատան բաղկացնող գլխաւոր շերտերէն մէկը կը նկատուի:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը փափաքի Քանատայի հետ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աւելի եւս ամրապնդել բոլոր մարզերուն մէջ:

Ան ընդգծեց որ Քանատայի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութը հաւատարիմ է զինք հիւրընկալած եւ անոր աշխատանք ապահոված երկրին, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ է իր մայր հայրենիքին` Լիբանանին, որուն յաճախ կ՛այցելէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն մասին Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը, որուն համաձայն, տեղահանուածները պէտք է տունդարձ կատարեն դէպի Սուրիոյ ապահով վայրերը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի այս ուղղութեամբ առաջադրուած նախաձեռնութիւններուն, որոնց շարքին է ռուսական նախաձեռնութիւնը:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած տնտեսական, մարդկային եւ ընկերային հետեւանքներուն:

Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ Պաղեստինեան հարցը եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն պարզած իրավիճակը: Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումին կասեցման վերաբերող որոշումը վերատեսութեան ենթարկել:

Իր կարգին, Ռիկըն յայտնեց, որ Քանատա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան: Ան բարձր գնահատեց միջազգային հարթակներու վրայ Լիբանանի կողմէ Քանատայի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:

Ան նշեց, որ Քանատա պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` մեծապէս գնահատելով Քանատայի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին մէջ լիբանանեան գաղութին ունեցած աշխուժ դերակատարութիւնը:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Ռիկընը:

Այն Թինէի մէջ կատարուած հանդիպումին ընթացքին Պըրրի եւ Ռիկըն ընդգծեցին Լիբանանի եւ Քանատայի միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Վարչապետ Հարիրիի Մօտ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ընդունեց Լիբանան այցելած քանատական պաշտօնական պատուիրակութիւնը:

Ռիկըն յայտնեց, որ Քանատայի մէջ գոհաբանութեան տօնն է, եւ այդ առիթով իրենք այցելած են Լիբանան, որ Քանատայի հետ ունի հեզասահ յարաբերութիւններ, որոնք հետզհետէ կ՛ամրապնդուին Քանատայի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութին շնորհիւ:

Հանդիպում` Պասիլի Հետ

Պասիլ երէկ կէսօրէ ետք Պաթրունի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ռիկընը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ապա Պաթրունի մէջ կատարեց շրջապտոյտ մը, որ աւարտեցաւ ընթրիքով եւ յուշանուէրներու փոխանակութեամբ:

 

Նախորդը

Պասիլ Քուէյթի Սապահ Իշխանը Հրաւիրեց Մասնակցելու Տնտեսական Բարգաւաճման Վեհաժողովին

Յաջորդը

«Մոսկուայի Եւ Երեւանի Միջեւ Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի` Հակառակ Հայաստանի Մէջ Տիրող Քաղաքական Անկայունութեան» Կ՛ըսէ Քարասին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?