Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2018-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին նաւթային արտադրութիւններու, սեփական ընկերութիւններու պաշտօնէութեան վերաբերող հարցերու, ինչպէս նաեւ գումարներու փոխանցումներ կատարելու երաշխիքներու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` անոր ընտրութեան առիթով: Հարիրի Սալեհին յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները` Իրաքի եւ իրաքցիներուն բարօրութեան առիթով եւ մաղթեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ գործակցութիւնը կը բարելաւուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ: Քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց. «Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողը եւ կառավարութիւնը ձերբակալողը ան է, որ նախապէս կալանքի տակ պահած էր մեր վարչապետը»:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի յաւելեալ փտածութիւն: «Համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է, իսկ ի խնդիր հայրենիքին զիջիլը ամօթ չէ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մաուրիսիօ Ալիսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Մախզումի եւ Ալիս ընդգծեցին տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք երէկ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումէն օգտուող կողմը իշխանութիւնը չէ: «Ընդհակառակն` իշխանութիւնը կը տուժէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումին պատճառով», հաստատեց ան:

ԱՐՏԱՔԻՆ հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Եասին Ժապեր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով տիրող լաւատեսութիւնը կը շարունակէ ինքզինք պարտադրել:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ կան որոշ բարեփոխումներ, որոնք պէտք է կատարուին ընտանեկան բռնութիւններու օրէնքին պարագային:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կառավարութեան պաշտօնական որեւէ կազմ չէ ներկայացուած` աւելցնելով, որ այն կազմը, որուն մասին կը խօսուի, կը բաւարարէ միայն մէկ երրորդին կամքը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ հանդարտ աշխատանքին շնորհիւ է, որ կառավարութիւնը կարելի պիտի ըլլայ կազմել:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Եորկըն Լինտսթրոմի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ շուէտական դեսպանատան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ձորին եզերքը եւ կրնայ որեւէ ատեն գլորիլ: Նիքոլա շեշտեց, որ ինք կը մերժէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին խոչընդոտումը պէտք է շրջանցել:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը լուսարձակներէ հեռու կը շարունակուին, եւ հաւանական է, որ անոնք նոր կառավարութեան մը կազմութեան յանգին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ գնդակը այժմ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դաշտին վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան որոշումը կը պատկանի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին: Միւս կողմէ, նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի շրջանակներէն, կը գրէ, թէ Ուաշինկթըն կը մերժէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դէմ Պասիլի պատասխան-արարքը:

 

Նախորդը

Անգարա Պոլսոյ Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հիւպատոսարանին Մէջ Խուզարկումներ Կատարելու Արտօնութիւն Խնդրած Է

Յաջորդը

«Մեր Առաջնահերթութիւնը Պիտի Մնայ Մարդ Արարածը Յարգող Արդար Պետութեան Հիմնումը» Շեշտեց Թայմուր Ժոմպլաթ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?