Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմին Մոսկուայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդատու Ժորժ Շաապանը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ վերոնշեալ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային ապահովական իրավիճակն ու Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձի թղթածրարը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ քննարկուած են Լիբանանի եւ Մոսկուայի միջեւ զինուորական գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:
Ըստ հաղորդագրութեան, հանդիպումը ընթացած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ, ընդգծուած է տարբեր մարզերու մէջ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:



