Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Շարունակեց Քննարկել Գրաւոր Մամուլին Զօրակցելու Քայլերը

October 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը, կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան մարզին եւ յատկապէս գրաւոր մամուլին դիմագրաւած հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ գրաւոր մամուլը իսկապէս լուրջ տագնապի դէմ յանդիման կը գտնուի` աւելցնելով, որ ինք մշակած է շարք մը օրինագիծեր, որոնք ներկայացուցած է կառավարութեան, սակայն դժբախտաբար անոնք մնացած են նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան դարակներուն մէջ:

Ռիաշի շեշտեց, որ նախարարութիւնը այդ օրինագիծերը ղրկած է խորհրդարանին, որպէսզի զանոնք քննարկէ իբրեւ անհրաժեշտ օրէնսդրութեան օրինագիծեր, որպէսզի կարելի ըլլայ գրաւոր մամուլին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին լուծում մը գտնել:

Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռիաշի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է այդ թղթածրարը, եւ խորհրդարանի նախագահը անգամ մը եւս հաստատած է, որ այս երկրին մէջ ոչ ոք կրնայ միւսը վեթոյի ենթարկել: «Այս խօսքերը բոլորին յստակ թող ըլլան. մենք չենք ընդունիր, որ մէկը մեզի դէմ վեթոյի իրաւունքը օգտագործէ եւ մեր կարգին` ոչ ոքի իրաւունքը վեթոյի կ՛ենթարկենք», ըսաւ Ռիաշի:

Պըրրիի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ: Քննարկուեցան պաշտպանութեան նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս բանակին կարիքները:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէն, որուն հետ քննարկեց պետական դպրոցներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Համատէ նշեց, որ տիւրզի համայնքի խոչընդոտ գոյութիւն ունի միայն անոր մօտ, որ կը փորձէ կառավարութեան որոշումը իր հակակշիռին տակ առնել: Ան նշեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երեք նախարարի իրաւունք ունի, կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը:

 

Նախորդը

Սարրաֆ Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Կացութիւնը

Յաջորդը

Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդ. Գիտութեան, Արհեստագիտութեան Եւ Չափանիշներու Յանձնախումբը Պատրաստած Է Իր Վեցամսեայ Ծրագիրը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.