«Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ այցելեց զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի` Համրայի մէջ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարար Աւետիս Կիտանեանին հետ: Անոնք միասնաբար այցելեցին նախարարութեան շէնքին մէջ գտնուող եւ հաստատութեան նիւթական յատկացումով վերանորոգուող ու վերականգնուող ապակեայ սրահ եւ հետեւեցան տարուող աշխատանքներուն:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լէյլա Սոլհ Համատէ իր տարած բոլոր աշխատանքներուն մէջ սպիտակ դրոշմ կը ձգէ` աւելցնելով, որ անոր անունը կրելիք սրահը զբօսաշրջութեան համար հպարտութեան աղբիւր պիտի ըլլայ, եւ Համրայի մէջ մարդիկ ու պատմութիւնը պիտի յիշեն, որ ան նախարարութեան մէջ իբրեւ պաշտօնեայ ծառայելէ ետք վերադարձաւ իբրեւ բարերար:
Լէյլա Սոլհ Համատէ եւս դիտել տուաւ, որ սրահին աշխատանքները յառաջիկայ ամիսներուն իրենց լրումին կը հասնին. ան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը շուտով կը կազմուի, իսկ Աւետիս Կիտանեան կրկին կը ստանձնէ այս նախարարութիւնը, որովհետեւ ան իսկապէս նուիրեալ ու մաքուր աշխատանք տարաւ, ինչ որ դժուար գտանելի է այս օրերուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրահը իր անունով կոչելու նախաձեռնութեան համար` դիտել տալով, որ լիբանանահայ նախարարը ունեցած է այս մտայղացումը` Ռիատ Սոլհի դստեր անունը անմահացնելու ու պատուելու զայն: Ան նշեց, որ ինք աշխատած է նախարարութեան մէջ, յատկապէս այդ սրահին մէջ, որ լի է յիշատակներով:
Սրահի շինութեամբ զբաղող երկրաչափը համապատասխան բացատրութիւններ տուաւ Լէյլա Սոլհ Համատէի:



