Նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը: Զօր. Աուն ըսաւ, որ Իսրայէլի կատարած ամբաստանութիւնը, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտակայքը, մարդաբնակ վայրերու մէջ զինամթերք գոյութիւն ունի, անհիմն Է: Ըստ նախագահին, այդ մէկը փաստուեցաւ արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութեամբ օտար երկիրներու դեսպաններուն հետ տեղի ունեցած այցելութիւններուն ընթացքին` դէպի այն վայրերը, որոնց մասին Իսրայէլ կը յայտարարէ, թէ հրթիռներ կը գտնուին: Ան նշեց, որ այս ամբաստանութիւնները մաս կը կազմեն Լիբանանի հարաւային շրջանները անկայուն եւ վախի մէջ պահելու Իսրայէլի փորձերուն, մինչ վերջինս կը շարունակէ Լիբանանի օդային տարածքին մէջ ոտնձգութիւններ կատարել` ռմբակոծելու համար Սուրիոյ տարբեր շրջաններ:
Զօր. Աուն իր գոհունակութիւնը յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ունեցած դերակատարութեան եւ լիբանանեան բանակին հետ անոր համագործակցութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ զօր. Տել Քոլի` շրջանի ժողովուրդին եւ պատասխանատուներուն տուած այցելութիւնները նկատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան համար բարենպաստ քայլ:
Զօր. Աուն իր խօսքին մէջ ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի հետ ծովային սահմաններու ճշդումի մերժումը Իսրայէլի կողմէ չարամիտ մտադրութիւններու արտայայտութիւն է, որովհետեւ Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմանագծումով միայն կարելի է ապահովել սահմաններու կայունութիւնը:
Իր կարգին, զօր. Տել Քոլ նախագահին տեղեկացուց իր պաշտօնի ստանձնումէն մինչեւ օրս ունեցած հանդիպումներուն մասին եւ ընդգծեց լիբանանեան բանակին հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ` յայտնելով, որ հարաւային Լիբանանը կայուն վիճակի մէջ կը գտնուի: Զօր. Տել Քոլ նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը տեղեակ կը պահէ Իսրայէլի` Լիբանանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ արձանագրուած խախտումներուն մասին, իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութիւնը Նաքուրայի մէջ եռակողմանի հանդիպումներուն ընթացքին կը քննարկէ այս հարցը:
Այլ ծիրի մէջ, զօր. Աուն ընդունեց Լիբանանի յատուկ դատական ատեանի պաշտպանութեան գրասենեակի նորանշանակ ղեկավար Տորոթէ լը Ֆրափէ տու Հելենը, որուն կ՛ընկերակցէր արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ գրասենեակին գործելադաշտն ու դերակատարութիւնը ատեանին գծով, ինչպէս նաեւ սպասուած վճիռին հեռանկարները:
Զօր. Աուն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ նախկին նախարար Շեքիպ Քըրթպաուիի հետ:



