Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Անհրաժեշտ Է Լիբանանի Ընդհանուր Շահերը Վեր Դասել Ամէն Ինչէ»

October 24, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կառավարութեան կազմութեան վերաբերող անոնց բազմաթիւ հարցումներուն ի պատասխան հաստատեց, որ այդ գործընթացը կանգ չէ առած, իսկ ինք այսօր` 24 հոկտեմբերին, Սէուտական Արաբիա կը ճամբորդէ: Վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ դիտել տուին, որ անհամաձայնութիւններու շրջագիծը կը նեղնայ, ինչ որ կը բարձրացնէ յոյսերը:

Օրուան ընթացքին ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն` վեր դասելու Լիբանանի ազգային ընդհանուր շահերը անձնական շահերէ ու հաշիւներէ: Նախանցեալ գիշեր ի պատիւ վարչապետին կազմակերպուած ընթրիքի մը ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ միացեալ աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ այս հանգոյցէն` աւելցնելով, որ ան լիբանանցի գործարարներուն եւ ինքզինք բարելաւել ուզող բոլոր լիբանանցիներուն կողքին է: «Բնականաբար դժուարութիւններ գոյութիւն ունին քաղաքականութեան մէջ, կառավարութեան կազմութեան մէջ, մանաւանդ ընտրութիւններէն ետք, եւ բնական է, որ իւրաքանչիւր կողմ պահանջէ իր արդար ներկայացուցչութիւնը այս կառավարութեան մէջ, բայց եւ այնպէս անհրաժեշտ է, որ մեր մտածումներուն կիզակէտը ըլլան Լիբանանի շահերը», ըսաւ վարչապետը:

Նախորդը

Նախագահ Միշէլ Աուն Ծանօթացաւ Արամ Պէզիքեան Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանի Կառոյցին Եւ Բովանդակութեան

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Աւետիս Կիտանեան Թեկնածու Է Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Վերստանձնելու

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.