ՆԵՐՔԻՆ ապահովական ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը յայտարարեց, որ այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանական յանձնախումբերը պիտի գումարեն միացեալ նիստ մը: Առ այդ, Պէյրութի Դրամատուներու փողոցը առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ նիստին աւարտը փակ պիտի ըլլայ հանրութեան դիմաց:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի նախագահ զօր. Հիւսէյն Ապտալլա տաժանակիր աշխատանքի եւ մահապատիժի վճիռներ արձակեց «Քէթէիպ Ապտալլա Ազամ» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումին պատկանող անհատներու, որոնք ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած էին Թայունէի եւ Տահր Պայտարի մէջ, եւ որուն իբրեւ հետեւանք բանակայիններ եւ քաղաքացիներ նահատակուած էին:
ԸՍՏ կլիմայի եւ օդերեւոյթի մասնագէտ Էլի Խունայսրի, Լիբանանի եւ շրջակայքի երկիրներու մէջ ջերմաստիճանի բարձրացումէն ետք, հինգշաբթի օր կէսօրուան ժամերուն Լիբանան պիտի հասնի փոթորիկ եւ միջակ չափի կարկուտի տարափ, յատկապէս Լիբանանի հարաւային շրջանները: Ժիւնիէ եւ Ժիպէյլ շրջանները առաջին աստիճանի անձրեւ պիտի ունենան, Թրիփոլի, Պէյրութ, Տամուր, Սայտա եւ Սուր, Շթորա, Զահլէ շրջանները` երկրորդ աստիճանի, իսկ արեւելեան Պեքաայի եւ Հերմելի շրջանները` երրորդ աստիճանի:
Ծովեզերեայ շրջաններուն ջերմաստիճանը 21-էն 25-ի միջեւ պիտի ըլլայ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ Լեռնալիբանանի ջուրի ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ուր տեղեկացուց, թէ Անթիլիասի, Պիաքութի, Պիքնայայի, Ժալ Էլ Տիպի, Ֆանարի, Սապթիէի, Ռաուտայի, Մար Ռուքուզի եւ Ռաս Տքուէնիի շրջաններուն մէջ ջուրի մատակարարումը պիտի դադրի ուրբաթ յետմիջօրէէն մինչեւ կիրակի գիշեր` Ժալ Էլ Տիպի կամուրջին տակ գտնուող ջուրի հիմնական խողովակին ուղին փոփոխութեան ենթարկելու պատճառով:
ՍՈՒՐԻԱՑԻ գաղթականներուն տունդարձի ծրագիրը կը շարունակուի: Այս գծով, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Լիբանանի զանազան վայրերէն հարիւրաւոր սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը պիտի ապահովէ:


