Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Անկարելի Չէ, Իսկ Բարդութիւնները Լուծելի Են»

October 23, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի չէ, իսկ բարդութիւնները լուծելի են: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ անճիշդ են շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ Պաապտայի եւ վարչապետարանին միջեւ առկայ հարցերուն պատճառով` վստահեցնելով, որ ինք աշխատանքը կը շարունակէ նախագահին հետ համագործակցաբար եւ համախորհուրդ` ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան ի խնդիր: Ան շեշտեց, որ սիւննի հանգոյց գոյութիւն չունի, եւ հարցը արդարութեան նախարարութեան խնդիրը չէ` աւելցնելով, որ երեք օրուան ընթացքին ամէն ինչ կը պարզուի: Ըստ «Մուսթաքպալ»-ի, առկայ միակ հարցը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցչութեան կը վերաբերի:

«Թէլէ լիպան»-ի մօտիկ աղբիւրներ դիտել տուած են, որ ընթացքը դրական է ու ճիշդ ուղղութիւն ունի, իսկ այս թղթածրարը հեռու է անլոյծ մնալէ:

Այդ խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի գրասենեակի տնօրէն Էլի Պարաղիտը:  Հանդիպումին աւարտին Ռիաշի միայն ըսաւ, որ հանգիստ են` տիրող մթնոլորտին ի տես:

Վարչապետարանի մէջ Սաատ Հարիրի ընդունեց նաեւ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրէն (ՊՀԾ) եւ Գերմանիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւններ` գլխաւորութեամբ ՊՀԾ-ի գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Պեյսլիի: Հանդիպման աւարտին Պէյսլի ըսաւ, որ Լիբանան տուած իրենց այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած են վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին հետ. նաեւ պիտի տեսակցին նախագահին հետ ու աւելի ուշ շրջին Լիբանանի զանազան շրջաններ` սերտելու համար Լիբանանի կառավարութեան հետ ՊՀԾ-ի գործակցութեան կարելիութիւնները: Ան աւելցուց, որ անոնք կը համագործակցին Լիբանանի հարաւային շրջաններուն հետ` նկատի ունենալով 750 հազար սուրիացի գաղթականներ եւ յայտնեց, որ օրական մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար կը ծախսուի Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու եւ իրենց պատկանող հիմնական ընկերութիւններու մէջ` պարէնային ապահովութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին բեռը նուազեցնելու համար: Պեյսլի ընդգծեց, որ Լիբանան կարեւոր հիւրընկալ երկիր մըն է Սուրիոյ գաղթականներուն, եւ անոնք ջանք պիտի թափեն առաւելագոյն չափով համագործակցելու կառավարութեան հետ, իսկ վարչապետը կարեւոր գործընկեր մըն է այս առումով:

Վարչապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտինի հետ, ներկայութեամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի:

 

 

 

Նախորդը

Պըրրի Միացեալ Նիստի Մը Հրաւիրեց

Յաջորդը

Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւն

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.