Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, սուրիական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ապահովական մարզի երկկողմանի գործակցութեան համաձայնագիրները:
Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա Լիբանանի հետ կը փափաքի իր պատմական ու հեզասահ յարաբերութիւնները պահել` մնալով քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու, ինչպէս նաեւ տեղական, շրջանային ու միջազգային տարակարծութիւններէն անկախ:
Նշենք, որ Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ դարու համաձայնագիրը պաղեստինցի ժողովուրդի օգտին չէ` աւելցնելով, որ Մոսկուան ոչ թէ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն թղթածրարը կը քննարկէ, այլ զայն կը դատապարտէ: «Ամերիկեան պատժամիջոցները ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդեն Ռուսիոյ քաղաքական ուղեգիծին վրայ, իսկ մենք Իրանի հետ գործակցութիւնը պիտի շարունակենք` ի խնդիր Սուրիոյ կառուցման», նշեց ան:



