Անկախ Սիւննի Երեսփոխանները Կը Պահանջեն Խորհրդակցիլ Իրենց Ստանձնելիք Նախարարութեան Մասին, Իսկ Հարիրի Կը Շարունակէ Մերժել Անոնց Ներկայացուցչութիւնը
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքը յաւելեալ բարդացում արձանագրեց երէկ երեկոյեան, երբ Խորհրդակցական հանդիպումին գումարած նիստէն բխեցաւ մագլցողական հաղորդագրութիւն մը:
Նիստէն ետք երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ Խորհրդակցական հանդիպումին անունով յայտարարեց, որ Խորհրդակցական հանդիպումը ո՛չ միայն կը պահանջէ կառավարութեան մէջ ներկայացուիլ իր վեց երեսփոխաններէն մէկուն անձով, այլեւ կառչած կը մնայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում մը ունենալու իր պահանջին, ինչպէս նաեւ կը ջնջէ ստանձնուելիք նախարարութեան տեսակը չքննարկելու իր նախկին կեցուածքը: Այլ խօսքով` կը պահանջէ անկախ սիւննի նախարարին ստանձնելիք նախարարութեան մասին խորհրդակցիլ:
Ի պատասխան այս յայտարարութեան, երէկ երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալ պլոքի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի տարբեր յանձնախումբերուն հետ գումարուած միացեալ նիստին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք կառչած կը մնայ իր կեցուածքին:
Ան հաստատեց, որ ինք իր տեսակէտը պիտի չփոխէ եւ համոզուած է, որ քաղաքական աղմուկը ո՛չ միայն ապարդիւն դուրս պիտի գայ, այլեւ պիտի չլուծէ երկրին աղբի, ելեկտրականութեան, ջուրի, ապրուստի եւ կենցաղային շարք մը հարցերը:
Հարիրի ըսաւ, թէ համաձայնութիւններ կ՛ըլլան, երբ անոնք երկրին շահերը կը հետապնդեն` աւելցնելով, որ ինք միշտ համաձայնութիւններ գոյացուցած է: «Սակայն այս պարագային, հարցը ուղղակիօրէն երկրին շահերուն չէ կապուած», ըսաւ ան:
Գիշերը Հարիրի ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուած երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Այս բոլոր տուեալներուն առընթեր, վստահելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ կայ համաձայնութիւն մը, որուն յաջողութեան նպատակով քաղաքական գաղտնի աշխատանք կը տարուի, որպէսզի ի վերջոյ կառավարութիւնը կազմուի:
Նոյն աղբիւրները նախատեսեցին, որ անկախ սիւննի նախարարը ըլլայ ոչ թէ անկախ սիւննի երեսփոխաններէն մէկը, այլ` հանրապետութեան նախագահին չափաբաժինէն, պայմանով որ վարչապետ Հարիրի համաձայն գտնուի անոր շուրջ:
ՄԻՒՍ կողմէ, Պաղեստինցի ժողովուրդի զօրակցութեան միջազգային օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն դատապարտեց պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձը ապահովող ՄԱԿ-ի թիւ 194 բանաձեւը, ինչպէս նաեւ միջազգային բանաձեւերուն մեծ մասին չգործադրուիլը: «Այս իրականութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդը մղեց յաւելեալ յուսալքումի` ի տես անոր ինքնութիւնը ջնջելու եւ իրաւունքներուն տիրանալու օրհասական փորձերուն:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելն ու կարգ մը դեսպանատուներ հոն փոխադրելը միջազգային ընտանիքի կամքին հետ կը հակադրուի: «Իսկ Իսրայէլը հրէական պետութիւն հռչակող օրէնքի վաւերացումը եւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տրամադրած օժանդակութիւններուն կասեցումը թիւ 194 բանաձեւը հարուածելու եւ զայն իր բովանդակութենէն պարպելու անարգ քայլեր են», ընդգծեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն զգուշացուց միջազգային ընտանիքը` Պաղեստինեան դատին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններուն մէջ թերանալէ եւ երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութիւն վարելէ: «Այդպիսով, Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմները միշտ կը շարունակուին անարդարութեան պատճառով», եզրափակեց նախագահ Աուն:




