Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ուղղուեցաւ Պելկրատ

November 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Պելկրատ` ընկերակցութեամբ Լիբանանցի ներդրողներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժաք Սարրաֆի, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասի, երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդականներուն:

Պելկրատի մէջ Պասիլ հանդիպումներ պիտի ունենար Սերպիոյ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն, վարչապետին, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահին հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան-սերպական երկկողմանի յարաբերութիւնները` քաղաքական եւ տնտեսական առումով, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական համագործակցութիւնը, արտադրութիւններու փոխանակումն ու երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան զարգացումը:

Նշենք, որ Պասիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ իր սերպ պաշտօնակիցին` Իվիցա Տաչիչի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ որդեգրած է միջազգային օրէնքին վրայ հիմնուած սկզբունքները` աւելցնելով, որ Լիբանան եւ Սերպիա դիմագրաւած են իրենց գերիշխանութեան կապուած նոյն հարցերը:

Ան շեշտեց, որ Սերպիա զօրակցած է Լիբանանին` աւելցնելով, որ զօրակցութիւնը եղած է փոխադարձ: «Բաժանումի քաղաքականութենէն առաջին վնասուողը Լիբանանն է, եւ մենք նոյն պետութեան մէջ համերաշխութեան պահպանումին ջատագովն ենք», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ իրենք Սերպիոյ նախագահին հետ համաձայնած են երկկողմանի տնտեսական գործակցութիւնն ու առեւտուրը բարելաւել` աւելցնելով, որ ան խոստացած է անձամբ հետապնդել այդ հարցը:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան յաջողութեան գրաւականը կը կայանայ սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին մէջ:

Իր կարգին, Տաչիչ շեշտեց, որ Սերպիա պիտի զօրակցի Լիբանանին` գրեթէ բոլոր մարզերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ: Ան նշեց, որ փոխադարձ այցելութիւնները պէտք է յաճախակի ըլլան` ամրապնդելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախորդը

Դեսպան Պուխարի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք` Ի Խնդիր Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Ու Գերիշխանութեան Պաշտպանութեան»

Յաջորդը

Դեսպան Մկրտչեան Հրաժեշտի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.