Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար Լիբանանի քաղաքական իշխանութենէն պահանջեց անմիջապէս կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւնը, որուն մաս կը կազմեն ատակ եւ կարողութիւններով օժտուած նախարարներ ու մասնագէտներ, որոնք կարենան երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ծանր տագնապները լուծել:
Ասմար խստիւ դատապարտեց անարդարօրէն պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակելու արարքները` ընդգծելով նաեւ, որ տնտեսական տագնապը հասած է կարմիր գիծին, որովհետեւ բազմաթիւ հաստատութիւններ կը սնանկանան եւ կը փակեն իրենց դռները:
Միւս կողմէ, Ասմար անդրադարձաւ պետական պաշտօնեաներուն, ուսուցիչներուն եւ զինուորականներուն տրուած աշխատավարձի յաւելումի որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու միտումներուն` հաստատելով, որ նման պարագայի ժողովուրդը անմիջապէս փողոց պիտի ուղղուի:
Ասմար յայտնեց, որ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի եւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրի հետ համաձայնած է հետապնդել կառավարութեան կազմութեան հարցը: Ան նշեց սակայն, որ երբ իրենք այցելած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, ինք զարմացած է, որ Շքէյր արծարծած է աշխատավարձի յաւելումին վերատեսութեան հարցը եւ նախագահ Աունին յայտնած, թէ յաւելումներուն պատճառով է, որ տնտեսական վիճակի անկում կայ երկրին մէջ:
Ասմար հաստատեց, որ անկարելի է արտօնել աշխատավարձի յաւելումները վերատեսութեան ենթարկել, որովհետեւ անիկա օրէնք է եւ պաշտօնեաներուն վաստկած արդար իրաւունքը:
Ասմար ընդգծեց, որ երկրին մէջ հսկայ փտածութիւնը մէկդի դնելով կարելի չէ յաւելումները տնտեսական տագնապին դրդապատճառը նկատել: Ան շեշտեց, որ պէտք է այդ մօտեցումին վերջ տալ` աւելցնելով, որ այսուհետեւ ինք բոլոր հեղինակութիւններուն առանձին պիտի այցելէ, առանց այս կամ այն խորհուրդին ընկերակցութեան:



