Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ-զօրավար Ուաժտի Շամսէտտին, բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Թոնի Մանսուր, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ եւ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Փիթըր Ժերմանոս:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյր եւ հանրապետութեան նախագահի զինուորական խորհրդատու գնդապետ-զօրավար Պուլոս Մաթար:
Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը քննարկեց տօնական օրերուն ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումները` ամրապնդելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան աշխուժացումը` կանխարգիլելու համար այնպիսի դէպքեր, որոնք վերջերս արձանագրուեցան:
Խորհուրդը քննարկեց նաեւ թմրամոլութեան դէմ պայքարելու ծրագիրները, յատկապէս համալսարաններու, դպրոցներու եւ գիշերային զբօսավայրերու մէջ:
Նախագահ Աուն ապահովական կառոյցներէն պահանջեց գործակցիլ եւ նախապատրաստուիլ Լիբանանի մէջ 16-20 յունուարին գումարուելիք Տնտեսական, ընկերային եւ բարգաւաճման արաբական վեհաժողովին:
Խորհուրդին տուած որոշումները կը մնան գաղտնի, ըստ օրէնքի:
Նախագահ Աուն Ընդունեց Վարչապետն Ու Ելեւմուտքի Նախարարը
Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող քաղաքական ներկայ պայմանները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ:
Հանդիպումէն ետք Հասան Խալիլ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ պաշտօնեաներուն եւ հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներուն աշխատավարձերը չեն ապահովուած:
Ելեւմուտքի նախարարը շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը նիւթական իր պարտաւորութիւնները լիովին կը կատարէ:
«Կան սակայն այլ պարտաւորութիւններ, որոնք լիբանանեան պետութեան համար յաւելեալ պարտականութեան վերածուած են եւ պետական գանձարկղին բեռը կ՛աւելցնեն: Այս առումով վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ կը գործակցինք` լուծելու համար կացութիւնը, եւ այդ լուծման եղանակին մասին նախագահ Աունը տեղեակ պահեցի», ըսաւ Ալի Հասան Խալիլ: