Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Պարսելոնայի Քաղաքապետութենէն Իմացաւ, Որ Տարեկան Իր Փառատօնը Պէյրութին Նուիրուած Պիտի Ըլլայ

November 30, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պարսելոնայի քաղաքապետարանին մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ քաղաքապետարանի մշակութային բաժինի տնօրէն Մարթա Քլարիսի:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախարար Կիտանեանին յայտնեց, թէ Պարսելոնայի մէջ յառաջիկայ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան փառատօնը նուիրուած պիտի ըլլայ Պէյրութին:

Հանդիպումէն ետք Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ Պարսելոնայի տարեկան փառատօնը Պէյրութին նուիրելու շրջագիծին մէջ գործակցութիւն պիտի կատարուի Պէյրութի քաղաքապետարանին, Պէյրութի նահանգապետին եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ պատրաստել քառօրեայ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ լիբանանցի աւանդութիւնները արտայայտող արուեստագէտներ, որոնք լիբանանեան մշակոյթը լաւապէս պիտի ծանօթացնեն այդ փառատօնին:

«Այս փառատօնը կարեւոր է մեզի համար, որովհետեւ Լիբանանն ու Պէյրութը պիտի ներկայացուին զբօսաշրջական իմաստով աշխարհի ամէնէն կարեւոր երկիրներէն մէկուն մէջ, որ տարեկան 80 միլիոն զբօսաշրջիկ կը հիւրընկալէ: Նման փառատօներու ընթացքին մեր ներկայութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ անիկա Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու յաւելեալ առիթ կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մասին դրական պատկեր մը կը ներկայացնէ զբօսաշրջիկին` զայն մղելով Լիբանան այցելութեան», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով այս բոլորը, զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը համաձայն գտնուած է գործակցելու Պարսելոնայի քաղաքապետութեան հետ: «Համագործակցութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Պէյրութի եւ Պարսելոնայի քաղաքապետարաններուն միջեւ` այս հսկայ փառատօնը կազմակերպելու նպատակով», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ իրենք համաձայնած են ուղեգիծի մը շուրջ, որուն հիման վրայ պիտի ընտրուին այն երգիչներն ու լիբանանեան խումբերը, որոնք լաւագոյն ձեւով պիտի ներկայացնեն Լիբանանը»:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Վիճակագրութեան Դրութեան Զօրակցելու Ծրագիրի Քննարկում` Իտալացի Պատասխանատուներու Հետ

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Բարդանայ

RelatedPosts

Շիի Երկեակը Յետաձգեց Զէնքի Մենաշնորհի Կառավարութեան Երկու  Որոշումներուն Դէմ Բողոքի Հաւաքը
Լիբանանեան

Ամալ Եւ Հըզպալլա Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Կարմիր Գիծ Կը Նկատեն

September 16, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 16, 2026
Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.