ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով լուծման յանգելու յոյսեր չկան` աւելցնելով, որ ոմանք կառչած կը մնան կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու իրենց կեցուածքին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ջանքերը կը շարունակուին եւ անոնք յաջողութեամբ պիտի պսակուին` կազմելու համար այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կը դրսեւորէ լիբանանցիներուն ձգտումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրաւունքը ուրանալով եւ իրաւացի պահանջներուն խուլ ականջ դարձնելով կարելի չէ կառավարութիւն կազմել:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան որեւէ յարձակում պատճառ պիտի դառնայ, որ Իսրայէլ յաւելեալ ձախողութիւններ եւ յուսալքում ապրի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին զինուորական կարողութիւնները ամրապնդելու, որպէսզի ան կարենայ Լիբանանի պաշտպանութեան ծրագիր մը մշակել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ եթէ մինչեւ Նոր տարի կառավարութիւնը կարելի չըլլայ կազմել, ուրեմն կը յստականայ, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը արտաքին խնդիր է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի Պաղեստինի զօրակցութեան հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութ պիտի մնայ Դիմադրութեան խրամատին մէջ` պայքարելով ի խնդիր Պաղեստինի կերտումին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մուաուատ ողջունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ հաշտութիւնը` հաստատելով, որ նախագահական համաձայնութեան հասնելիք որեւէ հարուած երկրին ճակատագիրը կրնայ անորոշութեան ենթարկել:
«ԷՄ. ՔԱ.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր երէկ ոտնձգութիւն գործեցին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով Արքուպի եւ Հասպայայի վերեւ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ վարչապետ Սաատ Հարիրիին խորհուրդ տուաւ` հանդիպելու վեց անկախ սիւննի երեսփոխաններուն հետ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, 10 եւ 11 դեկտեմբեր 2018-ին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի այցելէ Փարիզ եւ Լոնտոն:


