Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Խորհուրդը Իր Անդամներուն Մեծամասնութեամբ Տիմա Ժամալիի Երեսփոխանութիւնը Չեղեալ Յայտարարեց

Փետրուար 22, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Սահմանադրական խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն շուրջ իրեն ներկայացուած վիճարկումի դիմումները: Յետ քննարկումի, Սահմանադրական խորհուրդը իր անդամներուն մեծամասնութեամբ որոշեց չեղեալ յայտարարել Տիմա Ժամալիի երեսփոխանութիւնը եւ Թրիփոլիի սիւննիական 5-րդ աթոռը նկատեց թափուր:

Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման այս առիթով տուաւ մամլոյ ասուլիս մը եւ երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքներուն շուրջ ներկայացուած վիճարկումներուն գծով նշեց, որ լիբանանեան ժողովրդավարական վարչակարգին մէջ ընտրութիւնները միակ ձեւն են քաղաքացիները ներկայացնելու իշխանութեան մէջ, եւ Սահմանադրական խորհուրդը կ՛աշխատի ժողովրդավարական վարչակարգը վերադարձնել իր ճիշդ հունին: Ան յայտնեց, թէ նախապէս արդէն յայտարարած էր, որ իրենք պիտի չյապաղին, բայց նաեւ պիտի չաճապարեն քննելու վիճարկումները, որովհետեւ կը գիտակցին այն մեծ դժուարութիւններուն, զորս կը ստեղծէ ընտրական նոր օրէնքը, որուն վարժ չեն լիբանանցիները, եւ որ ամէնէն բարդն է աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ընտրական դրութիւններուն մէջ:

Իսամ Սլէյման ըսաւ, որ Սահմանադրական խորհուրդը յոյժ յանձնառու է քուէարկողներու անձնական որոշումին, իսկ ինչ կը վերաբերի ընտրական գործընթացը ստուերած թերութիւններուն եւ սխալներուն, ապա անոնց գծով պէտք է գոյութիւն ունենան աներկբայելի փաստեր, եւ կարելի չէ անոնց գծով որոշում տալ` հիմնուելով առանց փաստացի տուեալներու շրջանառութեան մէջ դրուած տարաձայնութիւններու վրայ: Հետեւաբար, քուէատուփերու արդիւնքները եւ անոնց վերաբերեալ ընտրական յանձնախումբերու ատենագրութիւնները ստուգելէ ետք յայտնի դարձած է, որ կարիք չկայ երեսփոխանութիւններ չեղեալ յայտարարելու Պէյրութի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ` մեկնելով այն իրողութենէն, որ մեծ տարբերութիւն կայ յաղթական երեսփոխանին եւ վիճարկումը ներկայացուցած թեկնածուին արդիւնքներուն միջեւ: Հիւսիսային Մեթնի պարագային ներկայացուած վիճարկումը չընդունուեցաւ, որովհետեւ հիմնուած էր միայն մամլոյ հրապարակումներուն վրայ: Պաալպեք-Հերմելի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ բացայայտուեցան սխալներ, եւ յետ վերահաշուարկի վերատեսութեան ենթարկուեցան Զահլէի ընտրութիւնները, արդիւնքները սրբագրուեցան նաեւ Շուֆի եւ Պշարրէի մէջ, սակայն այս սրբագրութիւնները պատճառ չդարձան երեսփոխանութիւններու չեղեալ յայտարարուելուն` թեկնածուներու արդիւնքներուն միջեւ մեծ տարբերութիւններուն պատճառով:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երեսփոխան Տիմա Ժամալիի դէմ ներկայացուած վիճարկումին, Իսամ Սլէյման ըսաւ, թէ ստուգումներ կատարուած են քուէարկութեան կեդրոնի մը մէջ, եւ յայտնի դարձած է, որ քուէարկութեան թուղթեր ոչնչացուած են, ուստի, մեկնելով այս իրականութենէն, Ժամալիի երեսփոխանութիւնը չեղեալ յայտարարուեցաւ, բայց հակառակորդ թեկնածուի յաղթանակը չյայտարարուեցաւ, որովհետեւ կոտորակային շատ չնչին տարբերութիւն կար երկու մրցակիցներու արդիւնքներուն միջեւ: Ուստի Թրիփոլիի ընտրաշրջանին մէջ թափուր աթոռի համար տեղի պիտի ունենան մասնակի ընտրութիւններ` մեծամասնական ընտրակարգով:

Յայտնենք, որ Իսամ Սլէյմանի հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին մերժեց մասնակցիլ Սահմանադրական խորհուրդի անդամ Զաղլուլ Աթիէ, որ բողոքեց խորհուրդի այս որոշումին դէմ, որովհետեւ ինք թեր էր Ժամալիի փոխարէն թեկնածու Թահա Նաժիի յաղթական հռչակուելուն` առանց մասնակի ընտրութիւններու երթալու:

Քարամէ. «Անակնկալի Եկանք, Որ Թահա Նաժիի Յաղթանակը Չյայտարարուեցաւ»

«Ազգային արժանապատուութեան» ցանկի ժողովէն ետք երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտարարեց, որ իրենք սկիզբէն վստահութիւն ունէին Սահմանադրական խորհուրդին նկատմամբ, «սակայն անակնկալի եկանք Թրիփոլիի աթոռը թափուր պահելու որոշումէն, հակառակ անոր որ որոշումին մէջ նշուած էր, որ մեծ կոտորակը ի նպաստ «Ազգային արժանապատուութեան» ցանկին է»: Քարամէ նշեց, որ այս կոտորակը ի վերջոյ մարդոց քուէներուն արդիւնքն է, եւ օրէնքը չի յստակացներ կոտորակին չափը` տիրանալու համար երեսփոխանական աթոռին: Քարամէ յայտարարեց, թէ իրենք պիտի ուսումնասիրեն որոշումը իր մանրամասնութիւններով եւ անոր գծով իրենց կարծիքը պիտի արտայայտեն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ժամալի` Հարիրիի Մօտ

Երէկ կէսօրէ ետք իր երեսփոխանութիւնը վիճարկուած Տիմա Ժամալի այցելեց վարչապետ Հարիրիին եւ անոր հետ հանդիպում ունենալէ ետք յայտարարեց, թէ վարչապետը իրմէ խնդրած է երկու ամիս ետք դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրել: Ան շեշտեց. «Կը յարգենք Սահմանադրական խորհուրդի որոշումը` հակառակ կատարուած քաղաքական միջամտութիւններուն»:

 

Նախորդը

Զուիցերիա Կը Կասեցնէ Լիբանանի Հետ Զինուորական Համագործակցութիւնը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Հարիրիի Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?