Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Հասկացողութիւն Կը Ցուցաբերէ Լիբանանի Կեցուածքին Նկատմամբ` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Հարցով

February 26, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ` 25 փետրուարին ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասընը: Քննարկումի նիւթ եղան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները` դիւանագիտական, քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտարարեց, թէ երկուստեք հաստատած են, որ Միջերկրականի երկու ափերուն պէտք է հասկացողութիւն տիրէ, արեւելքը պէտք է հասկնայ, որ չի կրնար ծայրայեղ ըլլալ արեւմուտքի նկատմամբ եւ վատը մաղթել անոր, առանց արեւմուտքին կողմէ հակազդեցութեան, իսկ արեւմուտքն ալ պէտք է հասկնայ, որ ամբողջ արեւելքը չէ, որ ծայրայեղականներով լեցուած է, ընդհակառակն` ան պէտք է օժանդակէ, որպէսզի կարելի ըլլայ ծայրայեղականներն ու ահաբեկիչները պատժել: Այս կը նշանակէ, որ երկու կողմերը պէտք է օժանդակութեան ձեռք երկարեն իրարու, նաեւ` հաւասարակշռուած երկիրներուն, ինչպէս Լիբանանին, կողքին ըլլալ, որպէսզի նման երկիրներ շարունակեն մնալ հանդիպման կէտ, հաւասարակշռուած տարածք, ահաբեկչութեան դէմ պայքարողներ:

Նախարար Պասիլ յայտնեց, որ հանդիպումին մասնակիցները հասկացողութեամբ մօտեցած են Լիբանանի կեցուածքին` սուրիացի տեղահանուածներու հարցի լուծման նկատմամբ, դիտել տալով, որ բոլորը համակարծիք են, թէ վերջնական լուծումը անոնց տունդարձով կ՛ըլլայ` համապատասխան պայմաններով եւ արժանապատուութեամբ: «Մենք կասկած չունինք, որ Ֆետերիքա Մոկերինին եւ Եւրոպական Միութիւնը մեզի անհրաժեշտ օժանդակութիւնը պիտի ցուցաբերեն, որպէսզի անհրաժեշտ պայմանները ստեղծուին սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձին համար», նշեց ան:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Բրիտանիոյ որոշումին` Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատելու: «Լիբանանցիներուն կ՛ուզեմ ըսել, որ այս որոշումը ոչ մէկ ժխտական ուղղակի անդրադարձ պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ, որովհետեւ վարժուեցանք այս մօտեցումին, նաեւ` այլ երկիրներու կողմէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի բրիտանական կեցուածքին, այս մասին մենք տեղեկացանք Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի, արտաքին գործոց նախարարին եւ արտաքին հարցերու նախարարին կողմէ, որոնք հետամուտ էին, որ այս որոշումը իր ազդեցութիւնը չունենայ լիբանանեան եւ բրիտանական յարաբերութիւններուն վրայ: Ընդհանուր առմամբ կը հաստատենք, որ եթէ ամբողջ աշխարհն ալ յայտարարէ, որ Դիմադրութիւնը ահաբեկչութիւն է, իրականութիւնը այդպէս պիտի չըլլայ լիբանանցիներուն համար: Այդքան ատեն որ բռնագրաւուած հողեր կան, Դիմադրութիւնը կառավարութեան, խորհրդարանին, պետական հաստատութիւններուն եւ լիբանանցի ժողովուրդին կողմէ որդեգրուած պիտի ըլլայ», ըսաւ Պասիլ:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ լուսարձակի տակ առած է Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները, որոնց զարգացման առումով նոր հորիզոններու մասին խօսուած է:

Ֆետերիքա Մոկերինին անդրադարձաւ Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին եւ ըսաւ, թէ Լիբանան  մշակութային ու տնտեսական առումներով եւ բարեկամական կապերով ամէնէն մօտիկն է եւրոպական երկիրներուն: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի այս երկրին զօրակցութիւն յայտնելու, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնց լուծման համար համադրում կը կատարեն լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ: Մոկերինի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իրենց ներկայացուցիչներուն հետ աշխատանք կը տանին պատերազմին վերջ տալու` աւելցնելով, որ նախարար Պասիլի հետ քննարկած է կարելիութիւնները` օժանդակելու թիւ 2254 որոշումի ամբողջական գործադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնել սուրիացիներուն խաղաղութեան հասնելու եւ ապահովելու տեղահանուածներու կամաւոր ու արժանապատիւ տունդարձի պայմանները:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ հանդիպած է սուրիացիներու, որոնք կ՛ուզեն իրենց երկիրը վերադառնալ ապահով պայմաններու մէջ: Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական առումով պիտի օժանդակէ, որ այդ տունդարձը կատարուի, բայց եւ այնպէս պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, ու այս իմաստով եւս աշխատանք կը տարուի:  Ֆետերիքա Մոկերինի տեղեկացուց, թէ Պասիլի հետ հանդիպումին հաստատած է, որ Պրիւքսելի մէջ կայանալիք համագումարին Եւրոպական Միութիւնը պիտի փաստէ իր զօրակցութիւնը Լիբանանի, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ, որոնք հիւրընկալ երկիրներ են սուրիացի տեղահանուածներուն` աւելցնելով, որ Սուրիան միշտ ալ միջազգային ընտանիքին առաջնահերթութիւններէն պիտի շարունակէ մնալ, ուստի շեշտը պիտի դրուի այս տագնապի լուծման վրայ` դիւանագիտական, քաղաքական եւ տնտեսական առումներով:

 

Նախորդը

Զբօսաշրջային Ծրագիրներու Մշակում` Աշխուժութեան Վերականգնումի Նպատակով

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Մարդ Օրհնեալ Է, Եթէ Կամք Ունի Աստուծոյ Սէրը Գործնականացնելու»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.