Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց երէկ հաստատեց, որ նախկին կառավարութեան օրով, 2016 թուականին, 40 կտոր զէնք ու զինամթերք ուղարկուեցաւ Լիբանան, իսկ նախորդ տարի, երբ զուիցերիական պետութիւնը ուզեց վերստուգել զանոնք` երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան հիման վրայ, ի յայտ եկաւ, որ միայն 9 կտոր զէնք ու զինամթերք գոյութիւն ունի:
«Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը յայտնած է, որ այս հարցը չի վերաբերիր նախագահական պահակագունդին, որ միշտ ալ դրական կերպով կը գործակցի Զուիցերիոյ հետ` աւելցնելով, որ իր երկիրը բազմիցս տեղեկութիւններ ուզած էր այդ 31 կտորներուն մասին, սակայն ոչ մէկ պատասխան ստացած էր: Առ այդ, դեսպանը հաստատած է, որ Զուիցերիա կը կասեցնէ Լիբանանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը:
Նախարար Սաապ Կը Հերքէ
Ի պատասխան այս զարգացումին, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ անճիշդ են այն տեղեկութիւնները, թէ Զուիցերիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին յանձնուած զէնք ու զինամթերք կորսուած է: Լրատուամիջոցներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին նախարարը դիտել տուած է, որ Լիբանան չ՛արտօներ բանակին վերաբերող նման ժխտական մօտեցում, իսկ ճշմարտութիւնը գիտնալ ուզողները պէտք է դիմեն Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանին:
Պու Սաապ զգուշացուց բանակը վարկաբեկելու որեւէ փորձ կատարել: