Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան Նիստին Նախագահ Աունի Կեցուածքը Պատուաբեր Էր»

Փետրուար 23, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարք երէկ այցելեց նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Տեսակցութենէն ետք պատրիարքը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ եկած է շնորհակալութիւն յայտնելու նախագահին, որովհետեւ ան ամէն առիթի ներկայացուցիչներ կ՛ուղարկէ, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելու անոր տարեդարձը` մաղթելով, որ շարունակէ ղեկավարել այս երկիրը: Ըստ անոր, զրոյցին առանցքները հանդիսացած են երկիրը մտահոգող կարեւոր թղթածրարներ, որոնց լուծումը բոլոր լիբանանցիներուն պարտականութիւնն է:

Ան դրուատեց օր մը առաջ գումարուած կառավարութեան նիստին նախագահ Աունի որդեգրած կեցուածքը, զոր նկատեց պատուաբեր` աւելցնելով, որ եթէ նախագահը չպաշտպանէ սահմանադրութիւնը, այսինքն` լիբանանցի ժողովուրդը, պետական կառոյցներն ու երկրին էութիւնը, ուրեմն ոչ ոք պիտի կարենայ ատիկա ընել: Ըստ անոր, սահմանադրութեան 49-րդ կէտը շատ յստակ կը բանաձեւէ, որ հանրապետութեան նախագահը պարտի պահպանել սահմանադրութիւնը, երկրին ինքնիշխանութիւնը եւ ժողովուրդին միասնականութիւնը, ուստի ոչ ոք կրնայ անոր պայմաններ պարտադրել, եւ այս առնչութեամբ նախագահ Աուն ոչ մէկ ոտնձգութիւն կատարած է:

Պշարա Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց քաղաքական հարցերը անջատել սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրէն` հաստատելով, որ այս գծով եւս ինք զօրակից է կառավարութեան նիստին նախագահ Աունի կեցուածքին: «Հանրապետութեան նախագահին ըրածը շատ յատկանշական է: Ան չխօսեցաւ Սուրիոյ հետ քաղաքական կամ այլ յարաբերութիւններու մշակման ձեւին մասին, այլ ըսաւ, թէ Լիբանանի գլխուն բարդուած է մէկ միլիոն 700 հազար սուրիացի քաղաքացիի հարց, իսկ Լիբանան չի կրնար այս բեռը տանիլ, ուստի պէտք է միասնաբար աշխատիլ այս հարցին լուծում գտնելու», ըսաւ ան: Պատրիարքին համաձայն, անկախ քաղաքական ամէն նկատառումէ, սուրիացի գաղթականներուն հարցը մարդկային է, անոնք ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ տարբեր երկիրներու մէջ անտուն են, խեղճ կեանք կ՛ապրին, եւ անոնց իրաւունքն է վերադառնալ իրենց տուները, վայելել քաղաքացիական իրաւունքները: Մենք իրաւունք չունինք քաղաքական խաղերու մէջ մտնել զանոնք օգտագործելով: Պշարա Ռայի պատրիարքը եւս իբրեւ օրինակ յիշեց պաղեստինցիները, որոնք քաղաքական լուծման մը սպասեցին, եւ մինչ իրենց տունը վերադարձած պէտք է ըլլային 1948 թուականէն, անոնք այսօր տակաւին թշուառ կեանք կ՛ապրին գաղթակայաններուն մէջ:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին պատրիարքը նաեւ խօսեցաւ քաղաքացիական ամուսնութեան մասին` հաստատելով, որ կրօնական պսակը պարտադիր է. ան շատ ամօթալի նկատեց շրջան ընող այն խօսակցութիւնները, որոնց համաձայն, հոգեւորականներ կառչած են կրօնական պսակին, որպէսզի գումարներ վաստկեն:

Հանրապետութեան նախագահին այցելուներէն էր նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա, որ ներկայացուց նախարարութեան աշխատանքները, յատկապէս Լիբանանի տարածքին գրաւուած տուներ պարպելու գործընթացը` յայտնելով, որ շուտով պիտի յայտարարուի այս թղթածրարին աւարտման եւ փակման մասին:

Միշել Աուն ընդունեց նաեւ այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, զանոնք բարելաւելու կարելիութիւնները, նաեւ` լիբանանեան ներքին կեանքը յուզող հարցեր:

Նախագահ Աուն հանդիպում ունեցաւ նաեւ ամերիկացի ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտի հետ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:

Հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի նախագահը անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին առնչութեամբ լիբանանեան կեցուածքին` անհրաժեշտ նկատելով անոնց տունդարձը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան, յատկապէս լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն զօրակցելու առումով: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ մեծ յոյսեր կան տնտեսական կացութեան բարելաւման, յատկապէս քարիւղի եւ կազի հանքերու պեղումին սկսելէ, տնտեսութեան վերականգնման ծրագիր մշակելէ, արտադրութեան բնագաւառին յաւելեալ զարկ տալէ ետք: Ան նաեւ վստահեցուց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ պայքարիլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ` աւելցնելով, որ Պեքաայի սահմանային շրջաններուն մէջ այս առումով բանակը արդէն բաւական յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ:

Ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտ դրուատեց Լիբանանի ջանքերը` երկրին տնտեսութեան բարելաւման առումով եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակութեան ձեռք երկարելու Լիբանանին:

Նախորդը

Ամերիկացի Ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտ Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Պիտի Շարունակենք Լիբանանեան Պետութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ», Կ՛ըսէ Պլասխարթ
Լիբանանեան

Պիտի Շարունակենք Լիբանանեան Պետութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ», Կ՛ըսէ Պլասխարթ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?