Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտ Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Փետրուար 23, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ` 22 փետրուարի կէսօրին ընդունեց ամերիկացի ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտը, որուն կ’ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը:

Վարչապետին այցելեց նաեւ  գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա, որ յայտարարեց, թէ այս տեսակցութիւնը կը միտի Հարիրին տեղեակ պահել գաղթականներու թղթածրարի մօտալուտ փակման մասին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ պատերազմի աւարտէն 30 տարի ետք այլեւս անընդունելի է, որ գրաւուած տուներ գոյութիւն ունենան: Ըստ անոր, նախարարութիւնը հաւատարիմ է վարչապետին կողմէ կառավարութեան տրուած անուանումին` «Դէպի աշխատանք», ուստի հերթաբար բոլոր օրակարգերու լուծման ուղղութեամբ աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ:

Վարչապետարանի հիւրերէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի, որ հանդիպումէն ետք ըսաւ, թէ այցելութեան նպատակն է համադրել վարչապետ Հարիրիին Եգիպտոս տալիք այցելութիւնը, որ պիտի կատարուի 24-25 փետրուարին, երբ ան պիտի մասնակցի Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին: Ըստ դեսպանին, ասիկա իւրայատուկ խորհրդաժողով է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կը համախմբէ արաբ եւ եւրոպացի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ` առիթ ստեղծելով տարբեր մակարդակներու վրայ հանդիպումներու ու քննարկումներու: Եգիպտոսի դեսպանը տեղեկացուց, որ այս առիթով Լիբանանի վարչապետը եւս պիտի ունենայ կողմնակի զանազան տեսակցութիւններ, որոնց ընթացքին փորձ պիտի կատարուի լուծելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի վերաբերող տարաբնոյթ հարցեր` միշտ ձգտելով շրջանը տանիլ դէպի կայունութիւն եւ խաղաղութիւն:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կառչած Է Վստահութեան Նիստին Յայտարարուած Բարեկարգման Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարին»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան Նիստին Նախագահ Աունի Կեցուածքը Պատուաբեր Էր»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?