Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Սելին Մոյրուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ականներու վնասազերծման աշխատանքը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Մոյրուտ բարձր գնահատեց ականներու վնասազերծման Օթաուայի համաձայնագիրին Լիբանանի միացումը:
Պու Սաապ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Լիբանանի գրասենեակի տնօրէն Ֆաուզի Զիուտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ապօրինի գաղթականութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը: