Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ռաֆիք Շլալա շեշտեց, որ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն տարածուող այն լուրերը, որոնք կը վերաբերին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի առողջական վիճակին, անճիշդ են: Ան հասատատեց, որ նախագահ Աուն կը պատրաստուի Ռուսիա կատարուելիք պաշտօնական այցելութեան, ապա Թունուզի մէջ պիտի մասնակցի Արաբական լիկայի վեհաժողովին, իսկ աւելի ուշ պիտի ընդառաջէ Չինաստան այցելութեան հրաւէրին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի անցեալ շաբաթավերջին Պրիւքսելէն մեկնեցաւ Փարիզ, ուր ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու: Կը նախատեսուէր, որ Ֆրանսայի մէջ վարչապետին կեցութիւնը երկարատեւ չըլլայ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ դատապարտեց Նոր Զելանտայի ահաբեկչութիւնը: «Նկատի ունենալով Լիբանանի սահմանադրութեան մէջ կատարուած այն նշումը, թէ Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական երկիր է, ապա համոզուած կը յայտարարենք Լիբանանի նկատմամբ մեր հաւատքը` մերժելով այլ երկրի պատկանելիութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարք:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ հաստատեց, որ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն արտօնութիւն խնդրած է` նախքան Սուրիա իր մեկնումը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան, որ վարչապետ Սաատ Հարիրին ներկայացուց Ռեժիի կազմակերպած լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը,  շեշտեց, որ այսուհետեւ պետական մարզին մէջ կինը միայն լուսանկարուելու չի ծառայեր, այլեւ` քաղաքական պատկերը փոփոխութեան ենթարկելու:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի ընդգծեց, որ փտածութեան մէջ մխրճուած իւրաքանչիւր պատասխանատու պէտք է դատական իշխանութիւններուն կողմէ դատավարութեան ենթարկուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ համախոհութեան պահպանումը աշխատանքի հիմքն է, սակայն անիկա չի նշանակեր, որ ճշմարտութիւնը պէտք չէ ըսել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Մարտ 14-ը լիբանանեան ազգային յիշողութեան մէջ պիտի մնայ պայքարի պատուաբեր կայան մը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա Քննչական կեդրոնական խորհուրդէն պահանջեց քննութիւնները ընդարձակել մաքսատան մէջ գործուած ապօրինութիւնները հետապնդելու հարցով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիսէն պահանջեց անսալ Աքքարի երկրագործներու կարիքներուն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կարելի չէ ապահովել առանց սուրիական պետութեան հետ ուղղակի գործակցութեան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշ հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզի ներկայացուցիչները կեդրոնանան ազգային արդիւնաբերութեան վրայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի. «Թող Իրան ռմբակոծէ Իսրայէլը, եթէ կը փափաքի: Մենք չենք ուզեր այլոց բախումներուն մաս կազմել»:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ ելեկտրականութեան մարզին մէջ թեքնիք եւ ոչ թեքնիք մսխումը կը հասնի արտադրուած ելեկտրական հոսանքին շուրջ 50 առ հարիւրին, եւ այդ իմաստով որեւէ լուրջ լուծում պէտք է մսխումին վերջ մը դնելու քայլէն սկսի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը որոշում է եւ լուրջ յանձնառութիւն, որուն մէջ ոչ մէկ թերացում կամ ձգձգում պիտի արձանագրուի:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Մոհամետ Պու Տիապը սպաննողը ամէնօրեայ դրութեամբ պատկերասփիւռի կայաններէն յայտարարութիւններ կը կատարէ: Ան շեշտեց, որ Պու Տիապը փտածութեան դէմ պայքարի նահատակն է, եւ զայն թիրախ դարձուցած փամփուշտը արձակող կողմին ինքնութիւնը յստակ է: Ուահապ դիտել տուաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին նպատակով մշակուելիք ռազմավարութեան վրայ կեդրոնանայ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը խստիւ դատապարտեց Նոր Զելանտայի ահաբեկչական արարքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ կուսակցութիւնը կ՛առաջնորդէ փտածութեան դէմ պայքարը, մսխումը կասեցնելու ճիգերն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Պրիւքսելի խորհրդաժողովը Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն կեցութիւնը ֆինանսաւորելու խորհրդաժողով է եւ ոչ թէ անոնց տունդարձը ապահովելու խորհրդաժողով, ճիշդ է, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժեր կը փափաքին սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահել քաղաքական նպատակներով:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Սուրիա վերադառնալ փափաքող տեղահանուածներու անուններուն արձանագրութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարուին: Ան հաստատեց, որ տունդարձ կատարած սուրիացիներէն ոչ ոք բողոքած է Սուրիոյ մէջ նեղութիւններու ենթարկուելու մասին:

Նախորդը

Էրտողան. «Չեն Կրնար Ըսել, Թէ Նոր Զելանտայի Գործողութեան Հեղինակը Քրիստոնեայ Ահաբեկիչ Մըն Է»

Յաջորդը

Նաամթալլա Ապի Նասըր` Մարոնիներու Լիկայի Նախագահ

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?