Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Մոսկուայի Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսին

Մարտ 15, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան մասնակցեցաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «Էմ. Էյ. Թի. Թի.» զբօսաշրջական ցուցահանդէսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 54 երկիրներ եւ զբօսաշրջութեան մարզի մեծ թիւով պատասխանատուներ:

Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին Լիբանանի տաղաւարի բացումը կատարեց Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսար:

Ցուցահանդէսի շրջագիծին մէջ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Պէյրութ-Մոսկուա չարթըր թռիչքներ պիտի կատարուին` զբօսաշրջութեան նպատակով:

Համաձայնագիրին ստորագրութեան ներկայ գտնուեցաւ նախարար Կիտանեան, որ կարեւոր նկատեց Լիբանանի մէջ ռուսական զբօսաշրջական շուկային դրութիւնը:

Նախարար Կիտանեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իր յոյն պաշտօնակից Էլենա Քոնթուրայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Կիտանեան եւ Յունաստանի զբօսաշրջութեան նախարարը քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

Ա. Կիտանեան ողջունեց յառաջկիայ շաբթուան ընթացքին Քոնթուրայի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը:

Նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի զբօսաշրջութեան նախարար Սեվաս Փերտիոսի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն աշխարհագրական դիրքին պարտադրած հարեւանութիւնը:

Նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ զբօսաշրջական համադաշնակցութեան նախագահ Զարիթա Տոկիզովայի հետ:

Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան մեծ վստահութիւն ունի ռուսական զբօսաշրջական շուկային նկատմամբ: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց ռուս զբօսաշրջիկներուն Լիբանան հասնիլը դիւրացնելու` շեշտելով, որ ռուս զբօսաշրջիկին համար Լիբանանը այցելութեան յարմարագոյն վայրերէն է:

Նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ պատրիարքական փոխանորդ Նիվին Սայքայլի եպիսկոպոսին  եւ արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ յառաջիկայ ապրիլին պիտի յայտարարէ զբօսաշրջական ծրագիր մը, որ տարբեր երկիրներու զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Լիբանան այցելութեան վրայ:

Նախարար Կիտանեան Մոսկուայի զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մասնակցութեան ընթացքին օտար լրատուամիջոցներու հետ ունեցաւ շարք մը հարցազրոյցներ, որոնց մէջ ան անդրադարձաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին:

 

Նախորդը

Պու Սաապ Մոյրուտի Հետ Քննարկեց Ականներու Վնասազերծումի Աշխատանքը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Եւ Բարգաւաճման Հարցերն Ու Շրջանային Զարգացումները

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?