ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ իրենք համաձայն են կառավարութեան գոյութեան եւ զայն պաշտպանելու քայլերուն` փրկելու համար երկիրը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Կիպրոս` գլխաւորելով զինուորական պատուիրակութիւն մը: Կը նախատեսուի, որ զօր. Աուն հանդիպումներ ունենայ կիպրացի իր պաշտօնակիցին, ինչպէս նաեւ զինուորական ու պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ կիպրական բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան ընդունեց Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Փաուլօ Քատիրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ապագան Լիբանանի մէջ չէ, այլ` Սուրիոյ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց արաբ աշիրեթներու համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը` ընդգծելով, որ ամէն իմաստով պէտք է վերջ տալ ահաբեկչութեան, ինչ ալ ըլլայ անոր ձեւը, գոյնը կամ համայնքը:
ԱԶԸՄ միութեան նախագահ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդգծեց, որ քաղաքականութեան մէջ իրենց գործունէութիւնը ազգային դերակատարութիւն է, որուն շնորհիւ կ՛ապահովուի լիբանանեան ընկերութեան միասնականութիւնը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ ինք համաձայն է, որ փտածութեան դէմ պայքարը շարունակուի: Ան աւելցուց, որ երկրին իշխանութեան մէջ կուսակցութիւնները առանձին չեն գործեր, իսկ հանրային կարծիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ հաշուետուութեան կանչելու եւ դատավարութեան ենթարկելու իմաստով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարի թղթածրարը դատական տարակարծութիւններու օղակէն դուրս բերելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Թարեք Մերեհպի յայտնեց, որ երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիսէն կը պահանջուի արագ քայլերու դիմել` Աքքարի գետնախնձորի արտադրութիւնը փրկելու համար:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարց տուաւ կառավարութեան հարաւային Լիբանանի մէջ բացայայտուած գետնափոր փապուղիներուն մասին եւ եթէ անոնց շուրջ համապատասխան հետաքննութիւն բացուած է: «Որո՞նք են այն կողմերը, որոնք շրջանցած են օրինական իշխանութիւնները եւ փորած այդ փապուղիները», հարց տուաւ Ժեմայէլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին փակելու համալսարանական վաճառատուները, որոնք կը վնասեն Լիբանանի քաղաքակիրթ պատկերին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ նահատակներ տուողը անօթութենէ եւ սպառնալիքներէ չի վախնար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քորթպաուի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վճռակամ է մինչեւ վերջ պայքարելու` փտածները հաշուետուութեան կանչելու նպատակով:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ առեւտրականներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Շամմաս երէկ կոչ ուղղեց բոլորին լիբանանեան ընկերութիւնը լուսաբանելու երկրին տնտեսական կացութեան պարզած վտանգներուն մասին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ իրենք կը շարունակեն Իրանի եւ Հըզպալլայի կողքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները պատմական են` աւելցնելով, որ Մոսկուա մեծ թիւով լիբանանեան քաղաքական ուժերու հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի:


