Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մենք Քաղաքական Հոսանք Մըն Ենք, Որ Երկրին Շահերը Այլ Շահերէ Վեր Կը Դասէ»

March 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կուսակցութեան հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով «Նիու Պիել» համալիրին մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը 30 տարիէ ի վեր քաղաքականութեան մէջ է, իսկ 3 տարիէ ի վեր` քաղաքական կեանքը կազմակերպելու մէջ:

«Կը խոստանամ, որ իբրեւ նախարար իմ կատարած աշխատանքներուս ոչ մէկէն կամ Ազգային ազատ հոսանքէն ամչնաք», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ ինք պէտք չէր իբրեւ նախարար մաս կազմէր կառավարութեան, սակայն կուսակցութեան, հանրապետութեան նախագահին եւ երկրին համար ընդունած է այդ մէկը` յուսալով, որ յարմարագոյն առիթին այդ պաշտօնէն դադրի` իր անձին, պաշտօնին ու անձնական շահերուն համար:

«Կարեւորը այն է, որ բոլորդ իմանաք, թէ ես կ՛աշխատիմ ի խնդիր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շահերուն եւ ոչ թէ անձնական շահերուս: Անձնական ոչ մէկ ծրագիր կը հետապնդեմ եւ կը հաստատեմ, որ նախագահութեան մասին խօսքերը վնաս կը հասցնեն Ազգային ազատ հոսանքին, նախագահին եւ երկրին: Եթէ ոմանք սխալմամբ հասկցած են կամ դիտմամբ մեկնաբանած են, թէ մենք այլ նպատակներու համար տեղի պիտի տանք, ապա անոնք թիւրիմացութեան մէջ են: Մենք քաղաքական հոսանք մըն ենք, որ չի նահանջեր եւ երկրին շահերը այլ շահերէ վեր կը դասէ: Առանց պարկեշտութեան եւ արժէքներու Ազգային ազատ հոսանք գոյութիւն չունի», ընդգծեց ան:

Պասիլ հաստատեց, որ ինք պիտի աշխատի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդացման համար` նշելով, որ «Ազգային ազատ հոսանքը իր հիմնադիրին նման է` չի ծերանար»:

Ան իր խօսքը ուղղելով Ազգային ազատ հոսանքի հիմնադիր` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, խոստացաւ Լիբանանի մէջ անոր կուսակցութիւնը վերածել հզօրագոյն կուսակցութեան` աւելի հզօր Լիբանանի մը համար:

«Ազգային ազատ հոսանքի գործունէութեան յառաջիկայ քառամեայի խորագիրը պիտի ըլլայ հզօր հոսանքի կարգավիճակէն անցնիլ հզօրագոյն հոսանքի իրավիճակին», եզրափակեց Պասիլ:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Անկախութեան Եւ Գերիշխանութեան Երթը Կը Շարունակենք» Շեշտեց Ժոմպլաթ

Յաջորդը

Պաքու Կը Դիմէ Միջազգային Կազմակերպութիւններուն` Հայաստանի Սահմանը Անցած Իր Քաղաքացին Վերադարձնելու Համար

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.