Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Հարաւային Լիբանան

March 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրլանտայի պաշտպանութեան նախարար Փոլ Քիու երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Պընթ Ժպէյլ գաւառի զօրանոցը, ուր կը ծառայեն իրլանտացի խաղաղապահ ուժերը:

Քիու դիմաւորուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ զօրանոցին պատասխանատու զինուորականներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի սպաներուն կողմէ:

Ան նշեց, որ 17 մարտը Իրլանտայի ազգային օրն է, որուն ընթացքին կը դրսեւորուին Իրլանտայի արժէքները, նուաճումներն ու յաղթանակները:

«Լիբանանի մէջ իրլանտական արժէքներուն մասին խօսիլը պիտի ըլլայ լաւագոյն արտայայտութիւնը` նկատի ունենալով, որ իրլանտացի խաղաղապահները աւելի քան 40 տարիէ ի վեր կը ծառայեն հարաւի մէջ: Անոնցմէ ոմանք նահատակուած են եւ ուրիշներ` վիրաւորուած, որպէսզի հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն անվտանգութիւնը ապահովեն», շեշտեց Քիու:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան ներկայացուցիչներուն` հաստատելով, որ անոնք միշտ բարձր գնահատած են իրլանտական խաղաղապահ ուժերուն զոհողութիւնները` ի խնդիր սահմանային խաղաղութեան պահպանումին եւ քաղաքայիններու անվտանգութեան երաշխաւորումին:

Լաքրուա Ընդգծեց Լիբանանի Կառավարութեան Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Միջեւ Գործակցութեան Կարեւորութիւնը

Նշենք, որ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան հասած Խաղաղարար գործողութեանց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յանձնակատար եւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի խաղաղարար գործողութեանց վարչութեան նախագահ Ժան Փիեռ Լաքրուա, իր հնգօրեայ այցելութիւնը աւարտեց ուղղուելով հարաւային Լիբանան` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Նաքուրայի կեդրոնատեղին:

Լաքրուա ընդգծեց Լիբանանի կառավարութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` պաշտպանելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանային անդորրը:

Ան բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ եւ շեշտեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

Նաամթալլա Ապի Նասըր` Մարոնիներու Լիկայի Նախագահ

Յաջորդը

Սլէյման Ֆրենժիէ. «Հանրապետութեան Նախագահին Տրամադրութեան Եւ Ռայի Պատրիարքին Հովանաւորութեան Տակ Կը Գտնուիմ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.