Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 28, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ անդրադարձաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի կատարած յայտարարութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ ան անգամ մը եւս լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Թոնի Մանսուրը ի զուր չ՛ամբաստաներ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ Լիբանան մօտեցած է ելեւմտական զգայնութեան լուրջ իրավիճակի մը, որ պետական ամավարկին մէջ հսկայական բարեկարգումներ կ՛ենթադրէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, թէ ինք համաձայն է, որ ներածումներուն վերաբերող տուրքը 2 կամ 3 առ հարիւրով բարձրանայ: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին հաշուոյն մեծ ապօրինութիւններ կան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ պաղեստինցիներուն բնակեցումը` աւելցնելով, որ այդ պատճառով ալ պիտի դիմուի պաղեստինցիները աստիճանաբար բնակեցնելու միջոցներու:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութիւններու գերագոյն խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունի դէմ գործուած յարձակումը եւ Իրաւաբաններու սենտիքայէն պահանջեց այդ ուղղութեամբ քայլերու դիմել:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, բարձրագոյն ուսման եւ մշակոյթի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի հաստատեց, որ ինք Լիբանանեան համալսարանի կացութիւնը քննարկած է Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպի հետ` ներկայութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժարի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ կառչած մնալու երկրին սահմանադրութեան եւ մերժելու բնակեցումը` ծառայելու համար Լիբանանին եւ Պաղեստինին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ժան Օպէյտ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր «Դարու գործարք»-ին մասին իր կեցուածքին եւ Պաղեստինեան հարցին նկատմամբ իր զօրակցութեան առիթով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ նշեց, որ անկարելի է Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները բնակեցնել:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցին Տարեկան Ելոյթը` Տպաւորիչ Եւ Ողջունելի

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կառավարութիւնը Կոչուած Է «Դարու Գործարք»-ը Դատապարտելու Եւ Անոր Վտանգներէն Զգուշացնելու»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.