Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Ընտրեց Սահմանադրական Խորհուրդի Հինգ Անդամները Եւ Վաւերացուց Կարգ Մը Օրինագիծեր

Յունիս 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց օրէնսդրական նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու կառավարութեան:

Խորհրդարանը իր նիստը սկսաւ երկու վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով մահացած երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյնի եւ Սամի Խաթիպի յիշատակները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 17 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ 11 ծրագիրներ վաւերացուեցան, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն յայտնուեցաւ օրինագիծի մը առաջարկին, որուն հիման վրայ Միջազգային դրամատունը վարկ պիտի տրամադրէ Մեծն Պէյրութի շրջանին փողոցները վերաշինելու:

Խորհրդարանը վաւերացուց մինչեւ յուլիս 12-ամսեայ դրութեամբ պետութեան ծախսերը հոգալու յատուկ օրինագիծ մը, հակառակ անոր որ Պըրրիի հաստատումով այս դրութիւնը որդեգրելը հակասահմանադրական է:

Խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին վաւերացուեցաւ նաեւ 13 սեպտեմբեր 1971- 31 դեկտեմբեր 2016 երկարող ժամանակաշրջանին (2016-ը ներառեալ) ապօրինի շինութիւնները օրինականացնելու օրինագիծ մը:

Նշենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նիստին ընթացքին կարգ մը երեսփոխաններու միջամտութիւններուն պատասխանելով շեշտեց, որ կառավարութիւնը խորհրդարանին հետ միատեղ կը մերժէ «Դարու գործարք»-ը` հաստատելով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը կը մերժէ բնակեցումը:

Վարչապետ Հարիրի նշեց նաեւ, որ պետական գանձարկղի նիւթական բացը խորհրդարանին եւ կառավարութեան միացեալ պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ մէկ կապ ունի պաղեստինցիներու բնակեցումին հետ:

Ան ընդգծեց, որ Սահմանադրական խորհուրդի հինգ անդամներու ընտրութեան իմաստով համաձայնութիւն գոյութիւն չունի:

Խորհրդարանի լիագումար նիստին երկրորդ բաժինը վերածուեցաւ ընտրականի, որուն ընթացքին խորհրդարանը ընտրեց Սահմանադրական խորհուրդի հինգ անդամները: Անոնք են` դատաւորներ Թաննուս Մըշլեպ, Աունի Ռամատան, Աքրամ Պաասիրի, Անթուան Պրայտի եւ Ռիատ Ապու Ղիտա:

Նշենք, որ Սահմանադրական խորհուրդին մաս կը կազմեն 10 անդամներ, որոնցմէ 5-ը կ՛ընտրուի խորհրդարանին կողմէ, իսկ միւս 5-ը կը նշանակուի կառավարութեան կողմէ:

 

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Հարիրիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութեան Եւ Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?