Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Քրիս Ճարվիսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական իրավիճակն ու 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելէ ետք Լիբանանի դիմագրաւելիք նոր փուլին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աուն Ճարվիսի հետ քննարկեց նաեւ տնտեսական կացութիւնը բարեկարգելու ծրագիրները, տնտեսական աճ ապահովելու կարեւորութիւնն ու փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աունին այցելեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ յայտնեց, թէ Լիբանան կ՛ապրի դրամական կայունութեան իրավիճակ մը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն ողջունեց լիբանանցի երիտասարդները թմրամոլութենէ փրկելու իմաստով ի գործ դրուող բոլոր ջանքերը: