Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 27, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այսօր` հինգշաբթի, 27 յունիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ անցեալ նիստէն մնացած օրակարգի կէտերը: Նիստը պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան շեշտեց, որ ինք Պէյրութի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին հետ գործակցաբար մեկնարկը կատարած է թմրեցուցիչի դէմ պայքարելու արշաւին: Ան աւելցուց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի նաեւ մշակելու ազգային ծրագիր մը, որուն նպատակն է պայքարիլ թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք շեշտեց, որ հանդիպում մը ունեցած է միջազգային Կարմիր խաչի պատասխանատուներու պատուիրակութեան հետ` ամրապնդելու համար փոխադարձ գործակցութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Պու Սլէյման հաստատեց, որ կառավարութիւնը կը հետեւի այն ապահով ծրագիրներուն, որոնք կ՛երաշխաւորեն տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ երկրին քաղաքացիները Լիբանանի մէջ պահելու միակ միջոցը տնտեսական բարգաւաճում եւ զարթօնք ապահովելն է:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշ հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի երկու ընտրանքներու դիմաց` աւելցնելով, որ կա՛մ այն է, որ իսկական բարեկարգում կը կատարուի, կա՛մ ալ երկիրը անդունդն ի վար կը գլորի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանի ուսանողները պէտք չէ ըլլան դասախօսներու պահանջներուն պատճառով յայտարարուած դասադուլէն տուժողները:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութիւնը երէկ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանեան համալսարանին եւ կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային վերսկսելու ուսումնական տարեշրջանը:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին` «Դարու գործարք»-ին մասին անոր յայտարարած կեցուածքին համար: Ան հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրիի կեցուածքով Լիբանան պաշտօնապէս կը մերժէ պաղեստինցիներու բնակեցման ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Սիրաշահիլ Առանց Նեղացնելու

Յաջորդը

Հանգստեան Կոչուած Բանակայինները Երկու Ուղղութեամբ Պիտի Փակեն Պէյրութը Նահանգներուն Կապող Բոլոր Մայրուղիները

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.