Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում գործեց Անսարիէ եւ Քլէյլա գիւղերուն վրայ` պատճառելով զոհ մը եւ 8 վիրաւորներ:
Իսրայէլեան բանակը զգուշացուց Քանա եւ Քֆարթըպնիթ գիւղերու բնակիչները, թէ Հըզպալլայի պատկանող ենթակառոյցներու վրայ յարձակում պիտի գործէ, մասնաւորաբար իբրեւ թիրախ նկատելով Քֆարթըպնիթի մէջ շէնք մը, որ աւելի ուշ հարուածեց, ապա յարձակում գործեց Այն Քանա գիւղին վրայ:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զէնքի պահեստանոցներ հարուածած է:


