Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին եւ անոր դաշնակիցները կը կարծեն, թէ մեր ժողովուրդին դէմ սպանութեան, քանդումի եւ տեղահանութեան թշնամական արարքները շարունակելը այս ժողովուրդը պիտի մղեն ընկրկման, նահանջի եւ անձնատուր ըլլալու թշնամիին, որ սահման չի ճանչնար, այլ անձնատուութիւն, տիրութիւն, գերիշխանութեան ու անվտանգութեան ոտնահարում կ՛ուզէ»:
«Բացայայտ կերպով կ՛ըսենք` մեր ժողովուրդը պիտի չնահանջէ, պիտի չընկրկի, անձնատուր պիտի չըլլայ եւ իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը պիտի չզիջի: Ան կառչած է իր ազգային սկզբունքներուն եւ պետութեան կոչ կ՛ուղղէ` կառչելու այդ սկզբունքներուն, որոնք են` իսրայէլացիի հեռացումը մեր հողերէն, գերիներուն տունդարձը, թշնամական արարքներու դադրեցումը, սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու առանց նախապայմանի իրենց գիւղեր, տուներ ու դաշտեր վերադարձը եւ վերաշինութեան հոլովոյթի ձեռնարկումը», շեշտեց Ֆայիատ:
«Մենք իշխանութեան կոչ կ՛ուղղենք` դուրս գալու կացութենէն շփոթի, տատամսումի եւ ձրի զիջումներուն, որոնց դիմաց իսրայէլացին որեւէ դրական կամ ձեւական քայլ չի կատարեր, այլ ընդհակառակը` իր օդային յարձակումներուն մէջ մագլցում կատարեց` զանոնք կեդրոնացնելով քաղաքային թիրախներու վրայ, անմիջապէս որ իշխանութիւնը սկսաւ Լիթանի գետի հիւսիսին առնչուած երկրորդ փուլի մասին խօսիլ, թշնամին մինչեւ իսկ հիմնուեցաւ գետէն հարաւ իր հանգստութեան վրայ, եւ իշխանութեան դիրքը Լիթանի գետէն հիւսիս իր օդային յարձակումներուն պատրուակ օգտագործեց», աւելցուց Ֆայիատ:
«Իսրայէլացին եւ անոր ամերիկացի հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբը վերածեցին իսկական խեղկատակութեան, որ որեւէ հաւաստիութենէ զուրկ է: Երբ կ՛ուզեն անոր աշխատանքը կը դադրեցնեն, երբ կ՛ուզեն զայն գործի կը լծեն, անոր դերի ընդլայնումը կը պարտադրեն, ապա ատկէ ետդարձ կը կատարեն, մինչ կը խօսին ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին եւ զինադադարի համաձայութեան գոյութենէն դադրելնուն մասին», նշեց ան:
«Մեզի եւ բոլոր լիբանանցիներուն ցաւ կը պատճառէ, որ լիբանանեան իշխանութիւնը ասոնց ձեռքը խաղալիքի վերածուած է: Պահանջուածը ազգային դիրքորոշումը որոշ ազգային արժանապատուութեամբ, հաստատակամութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ լիբանանեան բանակցային դիրքորոշման ղեկավարման մէջ ողջախոհութեամբ փրկելն է», ըսաւ ան:
«Ամենայն պարզութեամբ եւ յստակութեամբ իշխանութիւնը պէտք է ըսէ խօսք մը, որմէ ետդարձ չկատարէ` Լիբանանը յարգեց ու գործադրեց իրմէ պահանջուածը, եւ թշնամին պէտք է զինադադարին մէջ իրմէ պահանջուածը յարգէ, եւ մինչեւ այս պահս անկէ ոչինչ կատարեց:
«Իշխանութեան կոչ կ՛ուղղենք` նուազագոյն զիջումն իսկ չկատարելու այդ դիրքորոշումէն, որ լիբանանցիներու իրաւունքներու վերականգնման ճամբան կը հարթէ», շեշտեց Ֆայիատ:


