– ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը անհամբեր եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ Ուաշինկթընի մէջ դժուար նախատեսուող բանակցութիւններու արդիւնքներուն` նկատի ունենալով, որ անոնք Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ զէնքի խնդիրի լուծման ուղղուածութեան սկիզբն են»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային Հնգեակ յանձնախումբին եւ շրջանային ուժերու կողմէ ջանք կը թափուի Լիբանանը զերծ կացուցելու հաւանական պատերազմի հետեւանքներէն, որպէսզի անգամ մը եւս չենթարկուի քանդումի, որուն հետեւանքները երկիրը տակաւին չէ յաղթահարած»:
– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Սէուտական Արաբիան մերժած է հանրապետութեան միւֆթիի իր կարգ մը մտերիմներուն տուած ուխտագնացութեան արտօնագիրները տալ եւ բաւարարուած է այդ արտօնագիրը միայն միւֆթիին ու անոր կնկան տալով»:
– ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին. «Կանգնած ենք երկընտրանքի առջեւ` պահանջուող չափանիշերուն չհամապատասխանող ապրանքներու մաքսանենգութեան աճող երեւոյթին եւ միջազգային ապրանքանիշերու կեղծումին այսպէս կոչուած «ստորգետնեայ արհեստանոցներու մէջ», որոնց մեծ մասը մեր գերատեսչութիւնները գրաւած են»:


