– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ Աշրաֆ Ռիֆի, Մըլհեմ Ռիաշի, Էլիաս Խուրի եւ Նազիհ Մաթթա խորհրդարանին ներկայացուցին Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութիւնը արգիլելու օրինագիծ մը:
– «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Ֆրանսացիներն ու ՖԻՆԻՒԼ-ը Լիթանիէն հիւսիս Պեքայի, հիւսիսի եւ Պէյրութի մէջ զէնքի դուրսբերման ծրագիրի իրականացումը կարգաւորող որեւէ զինուորական եւ քաղաքական շրջանակէ բացառելու իսրայէլեան-ամերիկեան ծրագիրը կը բախի ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ ճնշումի»:
– ԱՂԲԻՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այսօր` քուլիսներու ետին Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան` նախարարաց խորհուրդի նիստի նախօրեակին մթնոլորտը հանդարտեցնելու եւ մեղմացնելու Հըզպալլայի դիրքորոշման սրութիւնը, սակայն այս առաքելութիւնը դիւրին չէ»:
– ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակի հրամանատարը իր Ուաշինկթընէն վերադառնալէն ետք գումարուելիք նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին պիտի ներկայացնէ Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհման իր ծրագիրը եւ պիտի նշէ, որ զինուորական, գործառնական եւ գետնի վրայ պատրաստ է իրականացնելու ծրագիրը, սակայն գործը շարունակելու համար կը սպասէ Լիբանանի կառավարութեան յստակ եւ բացարձակ կանաչ լոյսին ու լիակատար աջակցութեան»:
– ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հնգեակին շիի երկեակին հետ հանդիպումները տակաւին կը բախին Ամալի եւ Հըզպալլայի մօտեցումներուն մէջ որոշ տարբերութեամբ հաստատ դիրքորոշման, թէ Թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը բացառապէս Լիթանի գետի հարաւին կը վերաբերի, եւ Լիթանիէն հիւսիս երկրորդ փուլին անցումը լիբանանեան ներքին հարց է»:
– ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իրանեան զարգացումներն ու Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի թղթածրարը իրարու կապուած չեն, բացի եթէ հարցերը վերահսկողութենէ դուրս գան, եւ շրջանը ներքաշուի չհաշուարկուած հետեւանքներով պատերազմի մը մէջ, սակայն երկու ճակատները իրարմէ անջատ են»:
– ՀԱՄԱՍԻ եւ պաղեստինեան միւս խմբաւորումներուն միջեւ շարունակուող ժողովներուն ծանօթ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Համաձայնութիւն գոյացաւ, որ գաղթակայաններուն մէջ ծանր զէնք չկայ, այլ միջին ու թեթեւ զէնքեր, եւ լիբանանեան պետութեան հետ համակարգուած աշխատանք պիտի տարուի այդ զէնքերը վերահսկողութեան տակ պահելու` հասարակաց ապահովական ուժ մը եւ ընկերային ոստիկանութիւն կազմելու ճամբով»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան կանգնած է կրկնակի քննութեան առջեւ` ներքին, որ կը կայանայ ընտրական հոլովոյթը պաշտպանելու եւ իրաւական բացերը քաղաքական ականադաշտերու վերածուելնէն առաջ լուծելու անոր կարողութեան մէջ, եւ արտաքին, թէ ինչպէ՛ս Լիբանան կը կառավարէ հարաւային Լիբանանի մէջ թիրախաւորումներու եւ շրջանի անկայունութեան պայմաններուն մէջ աճող ճնշումները»:
– ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ինքնաթուղթի, քաղաքացիութեան, մաքսատան եւ մուտքի կէտերու դաշնակցային մարմինը մօտ օրէն Պէյրութի մէջ ելեկտրոնային մուտքի արտօնագիրներու տուչութեան կեդրոն պիտի բանայ:


