Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ իր ընդլայնուած հանդիպումի ընթացքին բարձր գնահատեց միջազգային ու եւրոպական բոլոր հարթակներուն վրայ Լիբանանին աջակցող Սպանիոյ դիրքորոշումը, մասնաւորաբար ֆինանսական եւ այլ օժանդակութիւններու տրամադրման ճամբով լիբանանեան բանակին աջակցութիւնը:

«Լիբանան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Փարիզի մէջ 5 մարտին գումարուելիք բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան խորհրդաժողովի Մատրիտի մասնակցութեան», նշեց հանրապետութեան նախագահը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց 2024 թուականին Լիբանանի դէմ, մասնաւորաբար ՖԻՆԻՒԼ-ը թիրախաւորող իսրայէլեան յարձակումները դատապարտող Սպանիոյ կեցուածքներուն համար:

Ան բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան նկատմամբ աջակցութեան Սպանիոյ յանձնառութիւնը, մանաւանդ որ հարաւային Լիբանանի մէջ սպանական մասնակցութիւնը աշխարհի մէջ խաղաղապահ գործողութիւններուն մեծագոյն մասնակցութիւնն է:

Քննարկման նիւթ դարձաւ Սպանիոյ փափաքը 2027 թուականին ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումէն ետք իր զինուորական միաւորները հարաւային Լիբանանի մէջ պահելու փափաքը, մանաւանդ որ այդ առնչութեամբ քննարկումներ կատարուած են Իտալիոյ, Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ:

«Լիբանան կը յուսայ, որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան հետ աշխատանք տանի Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի վրայ յարձակումները եւ յարգէ թշնամական արարքներու դադրեցման յայտարարուած համաձայնութիւնները եւ թիւ 1701 որոշումը գործադրէ», նշեց նախագահ Աունը:

Նախագահական պալատին համաձայն, հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցած է լիբանանեան բանակին Լիթանի գետէն հարաւ ձեռքբերումները, շրջանը զինեալ երեւոյթներէ զերծ պահելն ու այդ հողերուն վրայ միայն պետութեան իշխանութիւնը տարածելը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ բանակին կատարած առաքելութիւնը, մասնաւորաբար ցամաքային սահմաններու պաշտպանութիւնը, մաքսանենգումը, թմրեցուցիչի առեւտուրը եւ ապօրինի գաղթը արգիլելը:

«Բանակը կարիքը ունի զինուորական սարքերու, մեքենաներու եւ սարքաւորումներու, որոնք զայն կարող կը դարձնեն իր բոլոր պարտականութիւնները կատարելու», նշեց նախագահ Աուն:

Քննարկուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանքը շրջանին մէջ արդար, համապարփակ ու տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, ինչ որ կը յանգեցնէ պաղեստինեան դատի 2002 թուականին Պէյրութի վեհաժողովին յայտարարուած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան հիմամբ լուծումի մը:

Քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը: Հանրապետութեան նախագահը Սպանիոյ շնորհակալութիւն յայտնեց տեղահանուածներուն տրամադրած մարդասիրական օժանդակութիւններու համար, որ 2024 թուականին 400 հազար եւրոյի հասաւ, ինչպէս նաեւ 2025 թուականին Լիբանան գտնուող 85 սուրիացի տեղահանուածներ հիւրընկալելուն համար:

Հանրապետութեան նախագահը մաղթեց, որ Սպանիան շարունակէ սուրիացի տեղահանուածներու կամաւոր վերադարձի ծրագիրը, որ Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը գործադրէ:

Սանչեզ իր կարգին յայտնեց, որ Սպանիան նախարարական մակարդակով պիտի մասնակցի Փարիզի մէջ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին, եւ աջակցութիւն յայտնեց միջազգային որոշումներու գործադրութեան մէջ լիբանանեան դիրքորոշումին:

«Քննարկուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք սպանական ուժերուն հարաւային Լիբանան մնալու կարելիութիւնը», ըսաւ Սպանիոյ վարչապետը:

«Սպանիան 2006 թուականէն ի վեր ուժեղ ու շարունակուող աջակցութիւն տրամադրեց` մասնաւորաբար նպաստելով ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան եւ Լիբանանի նկատմամբ իր աւելի լայն յանձնառութեան ճամբով», նշեց Սանչեզ:

«Սպանիան ամուր կերպով յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան աջակցութեան, ներառեալ յետՖԻՆԻՒԼեան հաւանական փուլի ծիրին մէջ», աւելցուց Սպանիոյ վարչապետը:

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

RelatedPosts

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»
Լիբանանեան

Ֆայիատ. «Իսրայէլացին Եւ Ամերիկացի Հովանաւորը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբը Իսկական Խեղկատակութեան Վերածեցին»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.