Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Ոեւէ Մէկուն Պիտի Չարտօնենք Լիբանանը Նոր Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշել»

February 4, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տուպայի մէջ «Կառավարութիւններու համաշխարհային խորհրդաժողով»-ի ծիրին մէջ երկխօսութեան նիստի մը ընթացքին յայտնեց. «Գերիշխանութիւնն ու բարեկարգումը իրարու զուգահեռ հարցեր են: Անոնք այսօր Լիբանանը փրկելու հիմնական կարիքներ են: Գերիշխանութիւնը կը նշանակէ վերատիրանալ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումին, պետութեան իր սեփական ուժերով գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածել եւ զէնքը լիբանանեան զինեալ ուժերու մենաշնորհը դարձնել»:

«Աշխատանք տարինք վերատիրանալու խաղաղութեան ու  պատերազմի որոշումին, եւ փաստը այն է, որ 1969 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով լիբանանեան պետութիւնը բանակին ու լիբանանեան զինեալ ուժերուն ճամբով երկրի հարաւին մէջ ամբողջական վերահսկողութիւն ունի», շեշտեց Սալամ:

«Ոչ ոքի պիտի արտօնենք երկիրը ներքաշել նոր արկածախնդրութեան մէջ: Բաւ է, եւ «Կազայի թիկունք կանգնելու պատերազմ»-ի արկածախնդրութեան գինը չափազանց մեծ էր: Այժմ ոչ ոք պատրաստ է երկիրը այդպիսի արկածախնդրութիւններու մէջ ներքաշելու», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով շրջանային կացութեան եւ շրջանին մէջ հակամարտութիւններու Լիբանանի ներքին կացութեան վրայ ազդեցութեան` վարչապետը նշեց. «Անոնք կացութեան վրայ ուղղակի ազդեցութիւն ունին: Լիբանան կրնայ առաջին պետութիւնը ըլլալ, որ կ՛ազդուի իր շրջապատին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններէն: Սակայն այդ հարցին մէջ դասը այն է, որ օրինակի համար չենք կրնար Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները փոխել, ինչպէս նաեւ փոխել շարք մը տուեալներ, որոնցմէ է պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութիւնը, սակայն կրնանք մեր շրջապատին ազդեցութենէն մենք մեզ պաշտպանելու ձեւը փոխել»:

«Մենք աշխարհի վրայ մեծագոյն լարուածութիւնը ունեցող շրջաններէն մէկուն մէջ ենք, եւ պէտք է գիտնանք ինչպէս մենք մեզի պաշտպանել, եւ ատիկա կ՛ըլլայ բոլորս լիբանանեան պետութեան շուրջ բոլորուելով, միասնաբար աշխատելով ամրապնդելու խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումի վերատիրացումը, եւ թէ ոչ ոք երկիրը պէտք է ներքաշէ արկածախնդրութիւններու մէջ, որոնց նմանին մէջ մուտք գործեցինք, սակայն կը վստահեցնեմ, որ այլեւս այդպիսի արկածախնդրութեան մէջ պիտի չմտնենք», աւելցուց Սալամ:

Անդրադառնալով նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութեան ան նշեց. «Աունի եւ Պըրրիի հետ յարաբերութիւններս երկկողմանի են, սակայն ես այն անձերէն եմ, որ հաւասարապէս իշխանութիւններու բաժանման եւ գործակցութեան կը հաւատամ: «Եռեակ»-ի հարցը անցեալին կը պատկանի: Ատիկա հաստատութիւնները անդամալուծեց եւ երեք անձեր դրաւ սահմանադրական հաստատութիւններուն տեղ, կարծէք կարելի է անոնց աշխատանքը իրենցմով սահմանափակել, ինչ որ քաղաքական բացերու առաջնորդեց»:

Ինչ կը վերաբերի Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններէն իր ուզածին, վարչապետը նշեց. «Ինչ կը վերաբերի բարեկարգումին եւ պետութեան գերիշխանութեան վերականգնման, անոնք որոշումներ են, որոնք տրուեցան, եւ անոնցմէ ետդարձ չկայ, եւ մենք չենք ուզեր, որ ոեւէ մէկը մեր աշխատանքը ինք կատարէ: Արաբ մեր եղբայրներէն ու միջազգային բարեկամներէն մեր խնդրածը այս հոլովոյթին մէջ մեզի աջակցիլն է: Ասիկա չի նշանակեր, որ մեր տեղը առնեն եւ մեր դերակատարութիւնը ստանձնեն»:

«Որպէսզի պետութիւնը կարենայ իր սեփական ուժերով իր գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածել, կարիքը ունինք լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցութեան: Մօտ օրէն Փարիզի մէջ այդ ուժերուն աջակցելու խորհրդաժողով պիտի գումարուի, եւ կը մաղթենք, որ մեր արաբ եղբայրները գործօն մասնակցութիւն բերեն: Ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ Լիբանանի մէջ ներդրում կատարելու առիթները «նոր աչքով դիտեն»: Թող Լիբանան գան եւ անձամբ պիտի տեսնեն, թէ կայ նոր Լիբանան մը, որ մէկ տարի առաջ եղածէն տարբեր է»:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Մասնակցեցաւ Երիտասարդ Ղեկավարներու Արաբական Ժողովի 5-րդ Նիստին

Յաջորդը

Աուն. «Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ Կը Պնդենք, Եւ Առնչակից Կողմերուն Հետ Կ՛աշխատիմ Լիբանանը Նոր Պատերազմի Մէջ Չներքաշելու Համար»

RelatedPosts

Այցելելով Հարաւային Լիբանան.  Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Հարաւային Լիբանան. Սալամ. «Պետութեան Գերիշխանութիւնը Նաեւ Պատասխանատուութիւն Է Ժողովուրդին Ու Անոր Խնդիրներուն Նկատմամբ»

February 9, 2026
«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Դատապարտեալները Լիբանանէն Տեղափոխելու Համաձայնութիւնը Արդիւնք Է Երկու Երկիրներուն Միջեւ Յարաբերութիւններու Հասունացումը Արտացոլացնող Գործընկերութեան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարադատութեան Նախարարը

February 9, 2026
Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Մեր Պայքարը Գոյութեան Եւ Լիբանանեան Որոշումին Պաշտպանութեան Համար Է»

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.