Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Կառավարութեան Նիստը Յետաձգեցի` Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Նպատակով»

Յուլիս 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ որոշեց կառավարութեան նիստը յետաձգել` տիրող լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով:

Հարիրի նշեց, որ կառավարութեան նիստը գումարելու առումով օրինաթիւը գոյացած էր, «սակայն որոշեցինք շնչել, որովհետեւ երկրին մէջ լարուածութիւն գոյութիւն ունի: Մենք կարիքը ունինք 48 ժամուան` մեղմացնելու համար այդ լարուած իրավիճակը, եւ այս իրավիճակին լոյսին տակ որոշեցի նիստը յետաձգել»:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ համապատասխան ապահովական կառոյցները յանցագործները պիտի ձերբակալեն եւ Քապըր Շմունի միջադէպը պատճառողները պիտի յանձնեն դատական իշխանութիւններուն: «Յանցագործները հաշուետուութեան կանչելու իմաստով ամէն քայլի պիտի դիմենք, որովհետեւ երկրին ապահովութիւնը կարմիր գիծ է», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ոճրագործը պիտի յանձնուի դատական իշխանութիւններուն, որոնք հատու պիտի ըլլան իրենց վճիռներուն մէջ:

Հարիրի լրատուամիջոցներէն խնդրեց զգուշ ըլլալ իրենց հաղորդումներուն մէջ եւ ստոյգ լուրեր փոխանցել` ընդգծելով, որ Հզօր Լիբանան համախմբումին նախարարները կառավարութեան նիստը չգումարելու իմաստով օրինաթիւ չգոյացնելու միտում չեն ունեցած, այլ` ինք որոշած է նախարարաց խորհուրդի նիստը յետաձգել:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային յաջորդ նիստին թուականը կը ճշդուի, եւ կառավարութիւնը կը հրաւիրուի նիստի մը:

Նշենք, որ կէսօրէ ետք վարչապետ Հարիրի նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը` Լեռնալիբանանի զինեալ բախումին լոյսին տակ:

Պլոքը ընդգծեց Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Կիպրացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Փարլիի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին . Նախագահ Աուն Շեշտեց Լիբանանի Կառչածութիւնը Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Եւ Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?