Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղազախստանի Մէջ Խոշտանգումի Վտանգէն Փրկուած Լիբանանցիները Երէկ Առաւօտեան Հասան Պէյրութ

July 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ղազախստանէն Լիբանան հասան 125 լիբանանցի քաղաքացիներ:

«Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը յատուկ օդանաւ մը ուղարկած էր Ղազախստանի «Նուրսուլթան Նազարպայեւ» օդակայան, որպէսզի հոն գտնուող լիբանանցիները, որոնք իրենց աշխատանքին մէջ խոշտանգումի վտանգին ենթարկուած էին, վերադառնան Պէյրութ:

Ղազախստանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին «Սի. Սի. Սի.» ընկերութեան արաբ եւ լիբանանցի պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները ենթարկուեցան խոշտանգումի` ղազախներու կողմէ:

Ղազախստանի Թենկիզ քաղաքին մէջ գտնուող կապալառուներու այս ընկերութեան մէջ կը գործեն տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնք տարբեր քաղաքացիութիւններ ունին: Անոնք կ՛աշխատին նաւթաքիմիական արտադրութիւններու մարզին մէջ եւ նաւթ կ՛արտահանեն:

«Սի. Սի. Սի.» ընկերութեան մէջ գործող արաբներուն եւ լիբանանցիներուն դէմ ղազախներու այս յարձակումին պատճառը այն է, որ ընկերութեան պաշտօնեաներէն լիբանանցի ճարտարապետ Էլի Տաուտ ընկերային ցանցի վրայ հրապարակած է լուսանկար մը` իր ղազախ ընկերուհիին հետ: Այդ լուսանկարին բովանդակութիւնը ղազախներուն համար դատապարտելի եղած է, որովհետեւ զայն նկատած են ղազախ կինը վարկաբեկող երեւոյթ:

Այս պատճառով ղազախները յարձակած են ընկերութեան մէջ գործող լիբանանցիներուն, յորդանանցիներուն ու պաղեստինցիներուն վրայ եւ վիրաւորած են անոնցմէ շատեր:

Նշենք, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի մօտէն հետեւեցաւ այդ իրադարձութիւններուն եւ պարտականութիւն տուաւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրին` հետեւելու այս միջադէպին վերաբերող իրադարձութիւններուն եւ հսկելու լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութեան ու ապահովելու անոնց Լիբանան վերադարձը:

Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժիսքար Խուրի իր կարգին անմիջապէս ուղղուեցաւ Աթիրաու եւ հանդիպեցաւ այդ նահանգին կառավարիչին` անոր ներկայացնելով լիբանանեան իշխանութեան մտահոգութիւնը` իր քաղաքացիներուն անվտանգութեան նկատմամբ:

Պէտք է աւելցնել, որ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ղազախ իր պաշտօնակիցին հետ` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը Ղազախստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ ամէն ջանք ի գործ դնել` լուծելու համար այս հարցը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ուալիտ Ժոմպլաթ Այցելեց Քուէյթ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.