Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հրամանատարը Ղոսթայի Մէջ Բացումը Կատարեց Անկարգելաւորներու Նոր Զօրանոցին

July 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Ղոսթայի մէջ բացումը կատարեց լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու ջոկատին յատուկ նոր զօրանոցի մը:

Այս առիթով զօր. Աուն գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ զօրանոցը օժտուած է զինուորական, ռազմավարժողական եւ գումակային պէտք եղած սարքաւորումներով, որոնցմով կրնայ բարելաւել իր կարողութիւնները:

Այս առիթով զօր. Աուն բարձր գնահատեց բանակի մասնայատուկ ուժերն ու անկարգելաւորները, որոնք լիբանանեան բանակին մղած իւրաքանչիւրին պայքարին եւ ճակատումին յաղթանակներ կ՛արձանագրեն` զգետնելով այն թշնամիները, որոնք ջանք չեն խնայեր լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը վարկաբեկելու:

«Մասնայատուկ ուժերն ու անկարգելաւորները օրըստօրէ կը փաստեն իրենց բարձր կարողականութիւնը` կռուելու եւ պայքարելու առումով: Անոնք կառչած կը մնան իրենց սպաներուն ատակութեան` Լիբանանը պաշտպանելու եւ վտանգներուն դէմ պայքարելու: Հետեւաբար բանակի հրամանատարութիւնը ճիգ չի խնայեր անոնց տրամադրելու այն միջոցները, որոնց կարիքը ունին` իրենց կարողութիւնները բարելաւելու եւ զանոնք որեւէ ատեն կազմ ու պատրաստ դարձնելու համար», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան լիբանանցիներուն խոստացաւ, որ բանակը պիտի մնայ երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորող հաստատութիւնը, որ ոչ մէկ զոհողութիւն պիտի խնայէ` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը, հայրենիքին գոյութիւնը եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը:

Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ղոսթայի բնակիչներուն` իրենց շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու զօրանոցը հիւրընկալելու առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բանակի հրամանատարութեան, որ մեծ ջանքեր ի գործ դրաւ` բանակին կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով:

 

Նախորդը

Պասիլ Ուահապի Հետ Քննարկեց Քապըր Շմունի Միջադէպին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Դատապարտեց Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպը Եւ Կոչ Ուղղեց Արդարութիւն Պարտադրելու

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.