Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Դատապարտեց Լեռնալիբանանի Զինեալ Միջադէպը Եւ Կոչ Ուղղեց Արդարութիւն Պարտադրելու

Յուլիս 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն միացան Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը դատապարտեց Լեռնալիբանանի զինեալ միջադէպը եւ կոչ ուղղեց արդարութիւն պարտադրելու:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը զգուշացուց մսխումի քաղաքականութենէն եւ ընթացքը ծածկող ճիգերէն:

Իր կարգին, Ֆրենժիէ յայտնեց, որ քննարկած են Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրադարձութիւնները` հաստատելով, որ ժողովին մթնոլորտը եղած է դրական:

«Այս առիթով հաստատեցինք, որ իբրեւ պատասխանատուներ պէտք է ազգային պատասխանատուութեամբ գործենք եւ գիտակցութեամբ մօտենանք բոլոր հարցերուն լուծման: Լեռնալիբանանի ապահովական միջադէպին լուծումը կը վստահինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իմաստուն պահուածքին: Հզօր պետութիւնն է, որ կրնայ քաղաքական բոլոր շերտերը իր մէջ բովանդակել, իսկ ներկայիս համոզուած ենք, որ քաղաքական ապահովութիւնը շատ աւելի կարեւոր է իսկական ապահովութենէն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ճիգ պէտք չէ խնայէ` ոխը սիրտերէն դուրս բերելու նպատակով:

Ֆրենժիէ նշեց, որ Շահհարի զինեալ միջադէպէն ետք Պքերքէն է հոգիներուն ապահովութիւն տուող հեղինակութիւնը, եւ անոր դռները բաց են բոլորին դիմաց:

«Կարեւորագոյնը այն է, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը պահուի, եւ զարմանալի չէ երկրին մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու իրականութիւնը», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն դրական ազդեցութիւնը եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն հաշտութիւնը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլը շրջանին մէջ փոխըմբռնումի եւ համաձայնութիւններու փուլ է, հետեւաբար պատրաստ պէտք է ըլլալ անոնց հետ քայլ պահելու:

 

 

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Ղոսթայի Մէջ Բացումը Կատարեց Անկարգելաւորներու Նոր Զօրանոցին

Յաջորդը

Լիբանանի Առաջին Տիկինը Ընդունեց Աննա Յակոբեանը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?