Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը, նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանական յանձնախումբին եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ առկախ մնացած կարգ մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ խորհրդակցութիւնները դրական են, եւ անոնց լոյսին տակ կարելի եղած է թնճուկներուն մեծ մասը հանգուցալուծել ու ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը այսօր դարձեալ նիստի մը հրաւիրել:
Նշենք, որ Քանաան երէկ հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի հետ` քննարկելու համար բանակի պիւտճէի կրճատումներուն վերաբերող հարցեր: