Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Երկրին Տարբեր Մարզերուն Վերաբերող Նիստերու

July 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիի, ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի, աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյմանի եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ատուան յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են երկրին տնտեսական ու ելեւմտական իրադարձութիւնները եւ անոնց պարտադրած զգայուն իրավիճակը:

Ան ընդգծեց, որ մնայուն գործակցութիւն պէտք է ըլլայ այս իմաստով, որովհետեւ բնականոն պայմաններու մէջ չի գտնուիր երկիրը, «հետեւաբար կարիքը կայ լուծումներ գտնելու եւ յաւելեալ քայլերու դիմելու», ըսաւ ան:

Ատուան նշեց, որ հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ 2019-ի պետական ամավարկին, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի վաւերացուի խորհրդարանին կողմէ:

Վարչապետ Հարիրի նախագահեց նաեւ ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն հեռաձայնային հաղորդակցութեանց մանրամասնութիւններ փոխանցելու յատուկ նիստի մը` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի, արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհանի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն:

Նիստէն ետք Շքէյր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Հարիրի անհրաժեշտ նկատած է այլ հանդիպում մը եւս կատարելու` այս իմաստով ճշգրիտ օրէնք մը մշակելու նպատակով: Ան նշեց նաեւ, որ վարչապետը բարձր գնահատած է բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը կը զօրակցի անոնց պահանջին:

Վարչապետ Հարիրի նախագահեց նաեւ երրորդ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ աղբահանութեան թղթածրարը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան, փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի, ուժանիւթի նախարար Նատա Պուսթանի եւ կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի:

Նիստէն ետք Հասան շեշտեց, որ ուրբաթ, 12 յուլիս 2019-ին պիտի գումարուի այլ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի վաւերացուի յառաջիկայ քանի մը ամսուան վերաբերող աղբահանումի շտապ ծրագիր մը:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլան, որ յայտնեց, թէ հարցը կ՛ուղղուի դէպի լուծում, եւ քաղաքական բոլոր ուժերը կը փափաքին կառավարութեան աշխատանքներուն աշխուժացումը:

Վարչապետին այցելեց նախկին վարչապետ, երեսփոխան Նեժիպ Միքաթի: Քննարկուեցան Թրիփոլիի կարիքները եւ բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Նաժարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Քաղաքական Անդորրը Վերականգնելու Ջանքերը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Շարունակէ Հետապնդել Քապըր Շմունի Միջադէպին Լուծումն Ու Կառավարութեան Նիստերու Բնականոնացումը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.