Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն-Ռուքոզը, որուն ընկերակցեցաւ խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին Ռուքոզ արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կեցուածքը, որուն համաձայն, եթէ լիբանանցի կին մը օտար քաղաքացիութիւն կրող անձի մը հետ ամուսնանայ, ապա ան իր զաւակներուն պէտք է կարենայ քաղաքացիութիւն շնորհել:
Ռուքոզ շեշտեց, որ իբրեւ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդ նախարարութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան յատուկ խորհուրդներուն եւ պետական հաստատութիւններուն հետ ծրագրած են գործակցիլ եւ կը մաղթեն, որ այս օրինագիծը կառավարութեան եւ խորհրդարանին կողմէ մօտիկ ապագային վաւերացուի: