Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ Թալալ Նաժիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Իրավիճակը

Յուլիս 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նոյն կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի օգնական Թալալ Նաժիի:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ «Դարու գործարք»-ը մերժելու Լիբանանի կեցուածքը, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն պարզած իրավիճակը:

Իպրահիմ. «Լիբանանը Իտէալական Երկրի Կը Վերածուի, Երբ Համայնքային Դրութենէն Կ՛ուղղուինք Դէպի Քաղաքացիութիւն»

Միւս կողմէ, Ժեզզինի թաղապետներու խորհուրդի նախագահ Հատի Եուսեֆ մեծարանքի երեկոյ մը կազմակերպեց ի պատիւ Ապպաս Իպրահիմի:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Լիբանանը բնաւ կարիք չունի լարուածութեան եւ յաւելեալ խախտումներու, ինչպէս նաեւ կարիքը չունի յաւելեալ հռետորաբանութեան, որովհետեւ անիկա բախումի մթնոլորտ կը ստեղծէ եւ պատերազմի բառամթերքին օգտագործումը դէպի քանդում կ՛առաջնորդէ:

«Լիբանանը իտէալական երկրի կը վերածուի, երբ համայնքային դրութենէն կ՛ուղղուինք դէպի քաղաքացիութիւն», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ մաղթեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը զիջին ի խնդիր Լիբանանի շահերուն, որովհետեւ անոնք աւելի կարեւոր են ու կենսական, քան` անձնական եւ կուսակցական շահերը:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրատարակած «Ամնէլ Աամ» պաշտօնաթերթի խմբագրականին մէջ Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական փտածութիւնը ոչ մէկ ձեւով կարելի է հասկնալ եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել:

Ան հաստատեց, որ երկրին վրայ ճնշող ընկերային-տնտեսական այս պայմաններուն մէջ կարելի է միայն բարեկարգումներու մասին մտածել, ինչպէս նաեւ կուտակումները թօթափել փոխադարձ հաշտութիւններով եւ սրտերու լուացումի նախաձեռնելով:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ պէտք է կառչած մնալ Ազգային ուխտին եւ Թաէֆի համաձայնագիրին, որոնք Լիբանանի եւ անոր կայունութեան, լիբանանցիներուն եւ  անոնց անվտանգութեան երաշխիքը եղած են ու կը մնան:

 

 

Նախորդը

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սամի Ժեմայէլի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պըրրիի Եւ Արսլանի Հետ Քննարկեց Քապըր Շմունի Միջադէպի Հետեւանքները Լուծելու Ջանքերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?