Ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի յատուկ ճարտարարուեստի եւ կենսոլորտային հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ռիֆի յայտնեց, որ նախարար Ապու Ֆաուրի հետ քննարկած է Թրիփոլիի դիմագրաւած կենսոլորտային եւ ճարտարարուեստի հարցերը, ենթակառոյցի գրեթէ չգոյութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքին կոյաջուրերը ծով թափելու իրականութիւնը:
Ռիֆի այս իմաստով գործակցութիւն առաջարկած է ճարտարարուեստի նախարարին` աւելցնելով, որ կենսոլորտային, բարգաւաճման, ծառայութեան եւ բժշկական խնամքի առումով կարելի չէ Թրիփոլիի մէջ այս ընթացքով շարունակել: