Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սամի Ժեմայէլի

July 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ նախկին երեսփոխան Անթուան Սաատ, երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:

Սայֆիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Քապըր Շմունի միջադէպը, որուն լոյսին տակ ընդգծուեցաւ Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ներկայիս ընթացող համայնքային եւ յարանուանական պայքարն ու մրցակցութիւնը ազգային պայքար է` ազգային միասնականութիւնը պահել փափաքողներուն եւ այդ միասնականութիւնը խոցել փափաքողներուն միջեւ:

Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանի նիստերը դիտումնաւոր կերպով խանգարելու մօտեցում գոյութիւն ունի` յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան նիստը գումարելու առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրրիի ջանքերը յաջողութեամբ կը պսակուին:

Ան ընդգծեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը ամուր է եւ ոչ ոք կրնայ զայն տապալել:

Պատասխանելով լրագրողներուն ուղղած այն հարցումին, որ կը վերաբերէր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երկու նախարարներուն կառավարութենէն հրաժարելու հաւանականութեան` Ապու Ֆաուր ըսաւ. «Բոլոր կարելիութիւնները առկայ են»:

Ան աւելցուց, որ իրենք կը փափաքին գործել պետութեան կերտման տրամաբանութեամբ եւ ոչ թէ պատերազմի:

Իր կարգին, Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը հիմնական է եւ զայն պէտք է պաշտպանել: «Լեռնալիբանանի միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը պահպանուած է, իսկ ով որ հակառակը կը փորձէ յուշել` կը սխալի: Բոլորս պէտք է նկատենք, որ Լեռնալիբանանը տագնապներէ պաշտպանուած է, եւ անոր զաւակները համերաշխութեամբ կը գոյատեւեն», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել ազգային գոյակցութիւնը պահպանելու համար` աւելցնելով, որ անձնական հաշիւները չեն կրնար Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը քանդել:

Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան այլ պատուիրակութիւն մը հինգշաբթի, 11 յուլիս 2019-ին պիտի այցելէ Պնաշհի` հանդիպում մը ունենալու համար Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:

 

Նախորդը

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Մնայուն Յանձնախումբը Այսօր Դարձեալ Պիտի Գումարէ Նիստ Մը

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Թալալ Նաժիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներուն Իրավիճակը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.