Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը ջանայ քաղաքական լուծում գտնել Քապըր Շմունի հարցին եւ կը պնդէ, որ կառավարական նիստ տեղի պիտի չունենայ մինչեւ այդ հարցին լուծուիլը` շեշտելով, որ ոչ ոք նպատակ ունի արգելք հանդիսանալ նիստերուն:
Հզօր Լիբանան համախմբումի արտակարգ ժողովէն ետք, Պասիլ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ պետական ամավարկի հարցին` նշելով, որ կատարուած բոլոր աշխատանքներէն ետք, իրենց ժողովը յատկացուած էր վերստուգելու պետական ամավարկին, բոլոր կէտերը եւ ճշդել իրենց կեցուածքը: Ան նշեց, որ իրենք համաձայն են պետական ամավարկին եւ թեր պիտի քուէարկեն անոր, եւ ուրիշներու նման ամբոխավարական կեցուածք պիտի չորդեգրեն: Ան նշեց, որ պէտք է աւարտի պետական ամավարկի հարցը, եւ անիկա պէտք է վաւերացուի իր գէշ եւ լաւ կողմերով, եւ պէտք է սկսի 2020 թուականի պետական ամավարկի ուսումնասիրութիւնը:
Պասիլ շեշտեց, որ կայ անփոփոխ համաձայնութիւն մը, ըստ որուն արգիլուած է ամավարկին մէջ նիւթական բացը 7 առ հարիւրէն աւելի բարձրացնել: Պասիլ ընդգծեց, որ «երբ պետական ամավարկը վաւերացուի, պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ ասիկա լուծումը չէ, մեզի առիթներ պիտի չտայ, քանի որ անկէ ետք պիտի գայ «Էս. Էն. Փի.» զեկուցումը, եւ պէտք է վերականգնենք Լիբանանի հանդէպ վստահութիւնը եւ դասակարգումը»:
Ան յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկին շուրջ քննարկումները պիտի սկսին սեպտեմբերին, եւ պէտք է ատիկա վերջացնել սահմանադրական ժամկէտներուն մէջ: Պասիլ մտահոգութիւն յայտնեց, որ 2020 թուականի պետական ամավարկի հարցը կը մնայ նոյնը, ինչ կը վերաբերի պետական պարտքի չափին, պետական մարզին, ելեկտրականութեան նիւթական բացի նուազումին եւ ծախսերու հարցին, որ պէտք է նուազի յաջորդ ամավարկին մէջ:
«Ընդհանուր առմամբ կ՛ըսենք, որ պետական ամավարկը չէ հիմնուած տնտեսական տեսլականի վրայ, այլ` կառավարական աշխատանք է իբրեւ ամբողջութիւն, եւ կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութիւնը կրէ: Բարեփոխումը սկսանք այս ամավարկին մէջ, բայց կարելի չէ ըսել, թէ ասիկա բարեփոխումներու ամավարկ է: Մենք առիթը կորսնցուցինք իսկական բարեփոխում կատարելու, քանի որ դժբախտաբար քաղաքական ուժերը իրենց վերապահումները ունէին, եւ կը յուսանք, որ 2020-ին առիթը չկորսնցնենք», շեշտեց Պասիլ:
Ան աւելցուց, որ երկրին վրայ ֆինանսական ճնշման եւ տնտեսական աղէտի վախը կրնայ 2020 թուականի պետական ամավարկը աւելի լաւ դարձնել, եւ մենք այլեւս չունինք շքեղութիւնը, որ իւրաքանչիւր անձ իր խումբը կամ շահերը պաշտպանէ: